2017-02-27 09:57:00

Սահմանամերձ Չորաթան գիւղի Մխիթարեան միաբանութեան մշակութային գործունէութիւնը


Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չորաթան գիւղը՝ հակառակ անոր, որ ժամանակ առ ժամանակ կը գտնուի հակառակորդի նշանակէտին տակ՝ կ՝ապրի բուռն ընկերային-մշակութային կեանքով: Այդ գործին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունի «Մխիթար» երիտասարդական կեդրոնը, որ կը գործէ 2001 թուականէն՝ «Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոն»-ին աջակցութեամբ:

Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ «Մխիթար» երիտասարդական կեդրոնի տնօրէն Էդգար Քալանթարեան նշած է, թէ Չորաթանը՝ ըլլալով հեռաւոր սահմանամերձ համայնք՝ կտրուած է մշակութային զարգացումներէ: Այդ բացը լրացնելու համար՝ որոշուած է ստեղծել «Մխիթար» երիտասարդական կեդրոնը, որ յետագային իր տեսակով դարձած է կրթամշակութային, համայնքի երեխաներու առօրեան կազմակերպող կառոյց, նաեւ հասարակական խնդիրներ լուծող օղակ:

Համայնքի աւագանիի եւ գիւղապետի որոշումով՝ շարժանկարի նախկին լքուած շէնքը նուիրաբերուած է «Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոն»-ին, մշակութային գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով: Աւելի քան 15 տարի է կեդրոնը համայնքի երեխաներուն համար կը գործէ բացառապէս անվճար հիմունքներով: Հիմնական նպատակն է զարգացնել Հայաստանի մէջ երեխաներու, պատանիներու կրթական, մշակութային, մասնագիտական ունակութիւնները` նպաստելով աշխատատեղերու ստեղծման, արտագաղթի նուազեցման, երիտասարդ սերունդին նոր մասնագիտութիւններ եւ հմտութիւններ փոխանցելուն` կապելով անոնց մայր հողին:

«Չորաթան գիւղը ունի 107 դպրոցահասակ երեխայ, որոնց մեծ մասը կը յաճախէ մեր կեդրոն: 7­-17 տարեկան երեխաները, ամէն օր 3 ժամ, կը ծանօթանան տարբեր ձեռագործ եւ մասնագիտական հմտութիւններու` հելիւնագործութիւն, կոպելեն, ասեղնագործութիւն, առողջ ապրելակերպի դասընթացներ, ասմունք, ճատրակ, երաժշտութիւն, պար, գեղանկարչութիւն: Արդէն 4 տարի է, որ կեդրոնը ես կը ղեկավարեմ։ Այս ընթացքին բաւական նոր հնարաւորութիւններ ստեղծուած են կեդրոնի երեխաներուն համար: Կեդրոնին մէջ իրականացուող աշխատանքերը նաեւ ունին ուղղորդող նշանակութիւն` յետագայ մասնագիտութիւնը ընտրելու հարցով»,- ­ըսած է Էդգար Քալանթարեան:

Այս օրերուն «Մէգերեան կարպետ» ընկերութիւնը սիրայօժար կերպով դասընթացներ կը կազմակերպէ համայնքի երիտասարդներէն մէկուն համարը, որ աւարտելէ ետք պիտի վերադառնայ եւ աշխատի նախատեսուող նորաբաց հայկական աւանդական կարպետագործութեան խմբակին մէջ: Սաներէն մէկը ընդունուած է ԵՊՀ, ուրիշ մը՝ Երեւանի պետական գեղարուեստի ուսումնարան եւ այլն: Կեդրոնի սաները յաջողութիւններու հասած են շարք մը այլ ոլորտներու մէջ եւս, մասնակցած տարբեր ցուցահանդէսներու եւ արտասահմանեան ձեռնարկներու:

Էդգար Քալանթարեան նշած է, որ այս բոլորին նպատակն է համայնքի երիտասարդներուն նոր հնարաւորութիւններ ընձեռել, զանոնք գիւղին մէջ պահել, համայնքի կրթական եւ մշակութային կեանքը աշխուժացնել, ինչու չէ նաեւ հասարակական խնդիրներ լուծել: Անոր խօսքով, նպատակ ունին ընդլայնել կեդրոնին գործունէութիւնը. նոր դասընթացներ աւելցնել` շեշտը դնելով օտար լեզուներու, համացանցի հասանելիութեան վրայ, որոնք պիտի նպաստեն համայնքի երեխաներու եւ պատանիներու ունակութիւններու բարձրացման` նոր կրթական մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար:

«Ստեղծման օրէն մինչեւ այսօր «Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոն»-ը կ՝ապահովէ կեդրոնի ամսական բոլոր ընթացիկ ծախսերը, սակայն այսօր կը նախատեսենք Միաբանութեան նախկին սաներով ստեղծել ցանց, որուն հովանաւորութեամբ պիտի ընդլայնենք մեր յետագայ գործունէութիւնը` ընդգրկելով նոր ոլորտներ ու համայնքներ: Մխիթարեան նախկին սաները գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հասած են բազում յաջողութիւններու` կրթութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ այլ ոլորտներու մէջ: Անոնցմէ քանի մը անուն կը փափաքէի շեշտել, ինչպէս օրինակ` Արի Յովսէփեանը` Լոս Անճելըսի մէջ, Հրաչ Գասպարը` Մոնթրէալի, Ալֆրետ Պօղոսեանը` Թորոնթոյի մէջ եւ այլն, որոնց հետ կապի մէջ ենք իբրեւ համագործակցութեան օղակ մեր եւ նախկին սաներու միջեւ: Կը կարծեմ` մեր այս գործունէութիւն ընդլայնելով` պիտի նպաստենք Հայաստան-Սփիւռք կապի խորացման, խաղալով այն նոյն դերը, ինչպէս Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ անոր իրաւայաջորդները նախորդ դարերու ընթացքին: Այն առաքելութիւնը, որ Սեբաստացին 300 եւ աւելի տարիներ առաջ իրականացուց աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած Հայ ժողովուրդին մէջ, այսօր նոր ուղի գտած է իր անկախութիւնը վերագտած Մայր Հայրենիքի մէջ: Վերակենդանացնելով իր արմատները` Միաբանութիւնը կը նայի իր հայրենիքին ինչպէս ներշնչումի աղբիւրի: Պանդխտութիւնը, որ անցեալին Սեբաստացին ապրեցաւ իր հալածեալ ժողովուրդին հետ միասին, այսօր արդէն վերածուած է հայրենի ժողովուրդի մէջ գործելու կենսակերպի: Այս գաղափարին գիտակցումն է, որ համախմբած է մեզ եւ կը փորձենք ընել հնարաւորինս՝ պահպանելու եւ շարունակելու Սեբաստացիի առաքելութիւնը: Կայ հզօր ներուժ, որուն միասնականութեամբ կարեւոր նախաձեռնութիւններ կեանքի պիտի կոչուին»,­աւելցուցած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.