2017-02-27 09:16:00

Բուն բարեկենդանին Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց կիրակնօրեայի փոքրիկները


Կիրակի, Փետրուար 26-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ Բուն բարեկենդանի տօնը: Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները, որոնք վեհափառին ներկայացան ծպտուած ու դիմակաւորուած:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատական խօսքին մէջ գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարան յաճախող մանուկներն ու անոնց պատասխանատուները եւ շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը հայ ընտանիքներու կեանքին մէջ: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը քաջալերեց եւ իր գնահատանքը յայտնեց փոքրիկներու ծնողներուն, որովհետեւ իրենց զաւակները վստահութեամբ կ՛առաջնորդեն դէպի կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ ստանան քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.