2017-02-25 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը` ժողովրդապետներու կազմաւորումի դասընթացքի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 25 փետրուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` Առաքելական ատեանի կողմէ կազմակերպուած ժողովրդապետներու կազմաւորումի դասընթացքի մասնակցողներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ ակնարկեց կազմաւորումի դասընթացքին ու յատկապէս ''Ամուսնութիւն եւ ընտանիք'' նիւթին ու արժեւորեց ուսումնասիրական այս ձեռնարկը։

Դուք ըսաւ Սրբազան Հայրը` առաջին շփուողներէն էք այն երիտասարդներուն հետ որոնք կ՛ուզեն ընտանիք կազմել եւ կը մօտենան ամուսնութեան խորհուրդին, ձեզի է ապա որ կը դիմեն ամուսնացեալ զոյգերը երբ ընտանեկան հարցեր կ՛ունենան եւ որոշ պարագաներու բերումով ձեզմէ տեղեկութիւններ կը խնդրեն ապահարզանի դատը սկսելու համար։

''Ոչ մէկը ձեզմէ աւելի լաւ կը ճանչնայ ձեզի յանձնուած հօտին իրականութիւնը եւ ասոր համար դուք կանչուած էք ըլլալու ամէն մէկ անհատի ճանապարհորդութեան ընկեր` վկայելու ու թիկունք կանգնելու անոնց'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները վկայել Ամուսնութեան Խորհուրդի շնորհքը ու ընտանիքի վաղեմի բարիքը, որ է Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան կենդանի բջիջը­, ու հաստատեց թէ ամուսնութիւնը հիմնուած է այր ու կնոջ միջեւ միութեան վրայ ապա յորդորեց ժողովրդապետներուն երիտասարդ զոյգերուն յիշեցնել թէ ամուսնութեան խորհուրդին մէջ  կ՛արտացոլայ Աստուծոյ էութիւնը, որովհետեւ ան կը պատկերացնէ կատարեալ միութիւնը ընդմէջ Հօր, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի սէրը իր հարսին` Եկեղեցւոյ նկատմամբ։

''Մինչ այս վկայութիւնը կու տաք ջանացէք նաեւ թիկունք կանգնիլ անոնց որոնց ամուսնական իրավիճակը դժուարութեան մէջ է ու անոնց մօտեցէք ոչ որպէս կանոնական փորձագէտներ այլ որպէս եղբայրներ, որոնք պատրաստ են ունկնդրելու ու հասկացողութիւն ցուցաբերելու'', ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով նաեւ աւետարանական մօտիկութիւն ցուցաբերել եւս այն երիտասարդ զոյգերուն որոնք որոշած են միասին ապրիլ առանց ամուսնութեան։

''Անոնք կը գտնուին այն աղքատներու ու փոքրիկներու շարքին որոնց նկատմամբ եկեղեցին, Տիրոջ ուսուցումի հիման վրայ,  կը դառնայ Մայր` որ խնամք կը տանի անոնց։ Այդ անձերը եւս սիրուած են Քրիստոսէն, անոնց նկատմամբ ունեցէք քնքշութեան ու կարեկցութեան հայեցաք։ Վերջիններուն նկատմամբ այս խնամքը ամուսնութեան խորհուրդի զարգացումին ու անոր պաշտպանութեան հիմնական մաս է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց երջնակայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետի խօսքերը որ ''ժողովրդապետութիւնը նկատած է որպէս  Հոգիներու Փրկութեան վայր''։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց  նորոգելով կոչը լաւապէս պատրաստելու անոնք որոնք ամուսնութեան խորհուրդին պիտի մօտենան` ու անոնց ընկերակցելու կեանքի ամէն հանգրուաններուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց ընտանիքի աւետարանի հռչակումին ի սպաս ծառայութեան համար ու անոնց վրայ հայցեց Սուրբ Հոգւոյն հովանին, որպէսզի օգնէ զանոնք ըլլալու խաղաղութեան ու մխիթարութեան առաքեալներ, յատկապէս աւելի դիւրաբեկ ու կարիքաւոր անձերու նկատմամբ։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.