2017-02-25 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ֆրանսայի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատիրակութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 25 փետրուարին՝ առաւօտեան ժամը 11,00-ին, Վատիկանի ՝՝Քահանայապետերու՝՝ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ՝՝համագործակցութիւն՝՝ կաթողիկէ պատուիրակութեան 25 անդամները, որոնք իրենց կազմակերպութեան հիմնադրութեան  50-րդ ամեակի առիթով Հռոմ եկած են ուխտագնացութիւն կատարելու։  

Սրբազան Հայրը այս առթիւ  արտասանած խօսքին մէջ  նախ շնորհաւորեց կազմակերպութեան հիմնադրութեան 50-րդ ամեակը, ապա ներկաներէն խնդրեց, որ իր ողջոյնները փոխանցեն կազմակերպութեան՝ սփիւռս աշխարհ տարածուած անդամներուն։ 

Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց հուսկ՝ Երանելի Պօղոս Զ  խօսքը ՝՝Զարգացումը չի սահմանափակուիր միայն տնետսական պարզ աճումին, այլ՝ որպէսզի ըլլայ իսկական, պէտք է ըլլայ ամբողջական, որ է ըսել՝ հայող ամէն մէկ անհատի ու մարդ արարածի ամբողջականութեան...համաշխարհային զօրակցութիւնը պէտք է բոլոր ժողովուրդներու առիթ ընծայէ ՝իրենց կարգին դառնալու իրենց ճակատագրին ճարտարապետերը եւ ահա՝ այս համոզումն է, որ Ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցին մղեց հիմնելու յիսուն տարիներ առաջ, ''համագաործակութեան ի սպաս կաթողիկէ պատուիրակութիւնը'' որ դարերու ընթացքին կարողացաւ իր նպաստը շնորհել առաքելական սլացքին''։ 

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա զօրակցութիւն  բառին դիտել տալով, թէ շատ անգամ չարաչար գործածուած է ու թէ հարկ է այդ ուղղութեամբ նոր մտայնութիւն ու նոր մօտեցում ստեղծել ու արժեւորեց այս ծիրէս  ներս Délégation Catholique pour la Coopération պատուիրակութեան գործունէութիւնը, որ կը հայի Եկեղեցւոյ ու տեղական հասարակութեան հետ ստեղծելու իսկական համագործակցութիւն, ստարալելով բնապահպանողական իսկակական դարձի, որ գիտէ ճանչնալ ամէն մէկ անահտի արժանապատուութիւնը ու անոր արժանիքներն ու կարողութիւնը զարգացնելու հասարակաց բարիքը։

Սրբազան Հայրը ապա՝ քաջալերեց  ներկաները  զարգացնելու նաեւ ողորմութեան մշակոյթ մը՝ հիմնուած ուրիշներու հետ հանդիպումի  վրայ, մշակոյթ ուր՝ ոչ մէկը կարենայ միւսին նայիլ անտարաբերութեան աչքերով - ըսաւ Ան ու  խրախուսեց վախ չունենալ  եղբայրութեան ուղիին վրայէն ընթանալէն եւ կառուցել  կամուրջներ` անձերու եւ ժողովուրդներու միջեւ աշխարհի մը մէջ՝ ուր կը շարունակուին պատնէշներ բարձրանալ։

Ձեր գործունէութեամբ ու ծրագիրներով դուք բացայայտ կը դարձնէք աղքատ Եկեղեցի մը աղքատներու համար իրողողութիւնը, դէպի դուրս եկեղեցի մը, որ մօտիկ է բոլորին ու յատկապէս տառապեալ, անտեսուած ու բացառուած անձերուն – ըսաւ հուսկ՝ Սրբազան Պապը  ու խօսքը աւարտեց Տիրոջմէ հայցելով, որ օգնէ ներկաները, որպէս զի անոնք կարենան ծառայել հանդիպումի մշակոյթին` մարդկային միակ ընտանիքի ծոցին մէջ, ապա բոլորին շնորհեց Իր Առաքելական օրհնութիւնները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.