2017-02-25 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ՝՝Քափոտարքօ՝՝ հասարակութեան անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս,  շաբաթ, 25 փետրուարին՝ կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ՝՝Քափոտարքօ՝՝ հասարակութեան աւելի քան 2600 անդամներուն։

Ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  իր սրտաբուխ շնորհակալութիւնները  յայտնեց  յիշեալ հասարակութեան հիմնադիր՝ Հայր Ֆրանքօ Մոնթերուպպիանեսզիին ինչպէս նաեւ նախագահին ՝ Հայր Վինիշիօ Ալպանեզիին ։ Ան ապա՝ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց  ՝՝Քափոտարքօ՝՝ հասարակութեան՝ տարիներու հոլովոյթին, կատարած բոլոր գործունէութեան համար՝ ի սպաս անկարներուն , մանուկներուն եւ տագնապի մէջ գտնուող ընտանիքներուն։

՝՝Դուք ընտրեցիք մօտիկ գտնուիլ անպաշտպան մարդոց կողքին, նուիրելու համար անոնց   հիւըընկալութին , աջակցութիւն եւ յոյս՝ բաժնեկցութեան հոգիով՝՝ ըսաւ սրբազան Հայրը, աւելցնելով,  որ այս բարի գործերով յիշեալ  հասարակութիւնը նպաստեց եւ կը նպաստէ ընկերութեան զարգացման ու ընդգծեց , թէ ընկերութեան կեանքի որակը կը չափուի,  աւելի տկարները, կարիքաւորները ներառելու կարողականութեամբ։

Սրբազան հայրը ապա  խօսքը կեդրոնացուց անկարներու,  ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս տկար անձերու վրայ, նշելով թէ այս անձերը եւս պէտք են իրենց մասնակցութիւնը բերել ընկերային կեանքէն ներս եւ պէտք է օգնել զանոնք ի գործ դնելու իրենց կարողութիւնները զանազան ծաւալներէն ներս։

Ֆրանչիսկս Պապ ապա հաստատելով, որ լոկ աւելի տկարներու իրաւունքներու ճանաչողութեամբ է, որ ընկեութիւն մը կրնայ սեպուիլ՝ թէ հիմնուած է իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ, անդրադարձաւ հասարակութեան վերջին տասնեակ տարիներուն կատարած ուշադիր եւ սիրալիր  բարեգործական աշխատանքին` հանդէպ  կարիքաւորներուն  ու գնահատեց եւ քաջալերեց հասարակութեան անդամները յարատեւելու այս ուղիին վրայէն։

Ան ապա անդրադառնալով ընկերակցութեան ծագումին, որ սկիզբծ առած է Լուրտի եւ Լորեթոյի սրբավայրերուն ուխտագնացութիւն կատարելու ընթացքին, երբ Քափոտարքօ հասարակութեան հիմնադիրը յղացած է ձեւը արժեւորելու  համար մարդկային ուժերու  հոգեւոր աղբիրւները, անկարներու եւ տկարներուն ծառայութեան ի սպաս,  Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեց, որ շարունակէ  զօրակցիլ  հասարակութեան՝ վերագտնելու համար միշտ մշտական նոր ուժականութիւն ու պահպանելու Աւետարանի ուժը, քնքշութիւնը,  մօտիկութիւնը. կարեկցութիւն ու քաջութիւն ինչպէս նաեւ նուիրումի հոգի։

Սրբազան Քահանայապետը ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը անոնց վստահեցնելով, թէ իրենց կ՛ընկերանայ աղօթքով որպէսզի անոնց հասարակութիւնը շարունակէ ընթանալ ուրախութեամբ եւ յոյսով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.