2017-02-25 12:26:00

Սրբոց Վարդանանց տօնը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, վերանորոգելով իր ուխտը հաւատարիմ մնալու Հայրենիքի եւ Հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին:

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար, 2017-ին, Մեսրոպեանի նախակրթարանի եւ աւելի բարձր դասարաններու աշակերտները Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ առանձին հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը՝ անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը՝ նոր սերունդին համար:

Տօնին նուիրուած աշակերտական կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, որուն ի խնդիր նաեւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ: Ընդհանուր հաշւով, զոյգ հանդիսութիւններուն ներկայացուեցան Վարդանանց խորհուրդին նուիրուած վեց արտասանութիւններ, թատերական երկու պատկերներ, երեք երաժշտական կատարումներ եւ հարուստ փունջ մը երգեր՝ կատարողութեամբ վարժարանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբին, ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի:

Նախակրթարանի աշակերտներուն յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց պարոն Գրիգոր Էլմայեան, որ նկարաշարքի մը օգնութեամբ անոնց բացատրեց Աւարայրի ճակատամարտի պատմական պայմաններն ու անոր նշանակութիւնը՝ հայ ժողովուրդին համար: Աւելի բարձր դասարաններու աշակերտութեան իր պատգամը յղեց Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Համազասպ վրդ. Քեշիշեան: Հոգեշնորհ հայրը յատկապէս շեշտեց, որ ներկայիս մշակութային այլասերումը, ազգային հարցերուն հանդէպ անտարբերութիւնը եւ եկեղեցիէն օտարացումը հիմնական այն սպառնալիքներն են, որոնք վտանգի կ՛ենթարկեն հայութիւնը եւ որոնց նկատմամբ պէտք է նոյն քաջութեամբ, գիտակցութեամբ ու հաւատքով ծառանալ, ինչպէս Վարդանանք դիմագրաւեցին յազկերտեան վերջնագիրը: Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտ Հայկ Թապաքեանի պատրաստած նկարաշարքը՝ Վարդանանց պատերազմին մասին:

Երկու հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Պարոն տնօրէնը դիտել տուաւ, որ ի տարբերութիւն բազմահազար հայ մանուկներու եւ պատանիներու՝ աշխարհի ամբողջ տարածքին, Մեսրոպեանի նման հայկական վարժարաններու աշակերտները պէտք է բախտաւոր եւ հպարտ զգան, որ կ՛ապրին հայօրէն՝ խօսելով, երգելով եւ ասմունքելով իրենց հայրերու լեզուով, որուն պաշտպանութեան համար Վարդանանք զոհուեցան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ոչ միայն այս արժէքները յաւերժ ապրեցնեն իրենց մէջ, այլ նաեւ տարածողները ըլլան այդ արժէքներուն, յատկապէս հայութենէն մեկուսացած իրենց տարեկիցներու շրջանակին մէջ:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.