2017-02-25 09:11:00

Ս. Էջմիածինի մէջ համաձայնութիւն. Պոլսոյ Պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը` մինչեւ 15 Մարտ


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ս. Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, 23-24 փետրուարին տեղի ունեցած են հանդիպումներ, մասնակցութեամբ` Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան երեք միաբան եպիսկոպոսներ` պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի եւ պատրիարքութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեանի, որոնք Ս. Էջմիածին եկած էին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաւէրով:

Համաձայնութիւն գոյացած է Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը կատարելու մինչեւ 15 մարտ եւ տեղապահի ընտրութեամբ, ըստ եկեղեցւոյ կանոնակարգի, կը դադրեցուին Արամ արք. Աթեշեանի լիազօրութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.