2017-02-25 09:13:00

Հայաստանի մէջ արեւային վահանակներ պիտի արտադրուին


Հայաստանի մէջ շուտով պիտի արտադրուին առաջին արեւային վահանակները: Այդ նպատակով պիտի ստեղծուի արտադրական ձեռնարկութիւն, որ եզակի պիտի ըլլայ մեր տարածաշրջանին մէջ,- այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեանի փոխանցմամբ, արեւային վահանակներու արտադրութեան Հայաստանի մէջ պիտի սկսին արդէն այս տարուան երկրորդ եռամսեակին: Այդ նպատակով առաջին փուլին պիտի իրականացուի շուրջ  315 միլիոն դրամի  ներդրում, որուն ծիրէն ներս պիտի ստեղծուի աւելի քան 50 աշխատատեղ:

Ընկերութիւնը մտադիր է սկզբնական շրջանին արեւային վահանակներ  մատակարարել ներքին շուկային: Յաջորդ փուլերուն ատոնք պիտի արտահանուին նաեւ տարածաշրջանային եւ այլ երկիրներ:

Նախարարութենէն կը յիշեցնեն, որ արեւային վահանակներու արտադրութեան նպատակով, Փետրուար 23-ին կայացած նիստի ընթացքին կառավարութիւնը որոշեց «Պրոֆպանել»  սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը  իրականացուող ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս ազատել մաքսատուրքէ` ներմուծուող սարքաւորումներու, ատոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներմուծման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.