2017-02-25 10:12:00

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցին կը նշէ Վարդանանցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հանդիսապետութեամբ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ` գերյարգելի Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեանի ու կազմակերպութեամբ Զալքայի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Կիրակի` 26 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Սրբոց Վարդանանց տօնին նուիրուած սուրբ պատարագ եւ յուշահանդէս։

Սրբազան Արարողութիւնը կը հանդիսապետէ Գերյարգելի Գաբրիէլ Թ Ծ Վ Մուրատեանը, մինչ յուշահանդէսի պատգամախօսը կը հանդիսանայ մեծարգոյ Տիար Կրէկուար Գալուստը` Տնօրէն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի։

Վերոնշեալ յուշահանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ս Խաչ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները, ՀԿՄ-ի անդամներն ու Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ երգչախումբը։








All the contents on this site are copyrighted ©.