2017-02-24 13:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 24 փետրուարի քարոզը։ ''Աստուծոյ մօտ արդարութիւնը ողորմութիւն է''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեայի ուղեւորութեան մէջ ճշմարտութիւնը սակարկելի չէ,   պէտք  է արդարներ  ըլլանք  ողորմածութեան  մէջ, ինչպէս Յիսուս սորեցուց մեզի''Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուրբաթ  24 փետրուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ արտասանած քարոզին յորդորը։ Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը, ուր՝   օրէնսգէտները Յիսուսին հարց կու տան եթէ օրինաւոր է որ մարդ իր կինը արձակէ,  Ֆրանչիսկոս Պապ  նշեց թէ անոնք կ՛ուզէին դժուարութեան մատնել Յիսուսը ու թէ Ան ''չի պատասխաներ եթէ օրինաւոր է կամ ոչ. Ան չի մտներ ''պարագաներու'' տրամաբանութեան մէջ,  ինչպէս օրէնսգէտները ըրին եւ  որոնք հաւատքը կ՛ըմբռնէին միայն որպէս  կարելի է կամ կարելի չէ բառերով։

Յիսուս անոնց ուղղած հարցումին դիմաց այլ հարց կու տայ թէ ''Ինչ հրամայած է մովսէսի օրէնքը այս մասին'' ու երբ անոն կը բացայայտեն օրէնքի պարունակութիւնը Յիսուս կը պատասխանէ թէ անոնց սրտերը խիստ ըլլալուն համար է որ Մովսէս պատուիրած էր այդ օրէնքը։

Յիսուս արդարեւ միշտ ճշմարտութիւնը կ՝ըսէ. Ան իրողութիւնները կը բացատրէ այնպէս ինչպէս որ ստեղծուած են։ Այս մէկը կ՛ընէ նաեւ երբ առաքեալներն ալ Անոր շնութեան մասին հարցում կ՛ուղղեն անոնց պատասխանելով ''այն որ իր կինը կ՛արձակէ եւ ուրիշի մը հետ կ՝ամուսնանայ  կը շնայ''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա հարց տուաւ ըսելով ''եթէ այս է  ճշմարտութիւնը ու շնութիւնը ծանր մեղք է  ինչպէ՞ս կ՝ըլլայ որ Յիսուս շնացող կնոջ հետ խօսեցաւ, անոր գաւաթէն ջուր խմեց եւ քաւեց անոր մեղքերը'' ապա պատասխանեց   

՝՝Յիսուսի ուղեւորութիւնը  պարագաներու ցանկէն դէպի ճշմարտութեան  ու ողորմութեան  ուղեւորութիւն է''։  Յիսուս բոլոր անոնք որոնք կը տրամաբանեն պարագաներու վրայ հիմնուելով կեղծաւորներ կ՛որակէ'' ըսաւ Սրբազան հայրը հաստատելով թէ Քրիստոնեայի ուղեւորութիւնը չի զիջիր պարագաներու տրամաբանութեան այլ կը պատասխանէ ճշմարտութեամբ, որուն կը յաջորդէ՝ Յիսուսի օրինակին հետեւելով` ողորմութիւնը։

''Ահա այս է Յիսուսին մեզի սորվեցուցած ճանապարհը, որ յաճախ դժուար է գործադրել ի տես կեանքի փորձութիւններուն''  ըսաւ Սրբազան Հայրը  ընդգծելով թէ  ասոր համար է որ կարիքը  ունինք  Աստուծոյ շնորհքին որպէսզի մեզ օգնէ՝ յառաջ երթալու համար''։ Ան ապա քարոզը աւարտեց հրաւիրելով Աստուծմէ հայցել  արդար ըլլալու շնորհքը ու հաստատեց թէ ''Աստուծոյ մօտ՝ արդարութիւնը ողորմութիւն է եւ ողորմութիւնը արդարութիւն։  Թող որ Տէրը օգնէ մեզի հասկնալու այս  ուղին որ թէեւ դիւրին չէ, սակայն մեզ ու շատ մը այլ մարդիկ երջանիկ կը դարձնէ''








All the contents on this site are copyrighted ©.