2017-02-24 09:19:00

Վատիկանի մէջ գիտաժողով նուիրուած ''Խմուելիք ջուրի մատչելիութեան իրաւունքին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական գիտութեանց կաճառի կազմակերպութեամբ Վատիկանի Պիոս Դ պալատին մէջ, 23 եւ 24 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ ''Ջուրի մատչելիութեան մարդկային իրաւունքը'' նիւթով գիտաժողով մը, որուն ընթացքին  լուսարձակի տակ կը դրուի ''հաւաքական քաղաքականութեան կեդրոնական դերը` ջրային պաշարներու ու բնապահպանումի կառավարութեան շրջագիծէն ներս''։

Վերոնշեալ գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած մասնագէտներ։ Գիտաժողովի ընդհանուր նախագահն է Կարդինալ Քլաուտիօ Համմէս` Պրազիլի Սաօ Փաոլոյի եւ Կղերի Ժողովի երբեմնի կառավարիչը։

Ուրբաթ 24 փետրուարի յետմիջօրէին նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին զեկոյցը։

''Ի դէպ, խմուելիք ջուրի մատչելիութիւնը, էական, հիմնարար եւ մարդու տիեզերական իրաւունք մըն է, քանի որ անով կը սահմանուի մարդկանց գոյատեւումը, ուստի այդ պայման է  իրականացնելու  մարդկային այլ իրաւունքներ'' գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը  ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերական թուղթին մէջ մատնանշելով ջուրի մատչելիութեան իրաւունքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.