2017-02-24 10:45:00

Հռոմի մէջ համամիութենական բնոյթ ունեցող գիտաժողով


(Ռատիօ Վատիկան)  Հռոմի Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանէն ներս,  26 փետրուարէն մինչեւ 1 մարտ 2017-ին, տեղի կ՝ունենայ միջազգային  գիտաժողով  ՝՝Լուտերը եւ Խորհուրդները'' նիւթին մասին։

Գիտաժողովը արդիւնքն է  Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի , Քահանայապետական Գրիգորեան Աստուածաբանական բաժանմունքին ու համամիութեան ի սպսս ''Johann-Adam-Mohler'' հաստատութեան միջեւ երեք տարիներու համագործակցութեան։

Գիտաժողովի իւրաքանչիւր նիստին,  խօսք պիտի առնեն Կաթողիէ եւ Լուտերական  դասատու մը, որոնք  պիտի քննարկեն Սուրբ Մկրտութեան, եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներու նիւթերը։

Իւրաքանչիւր զրուցող դասատու իր հետ կը բերէ  իրեն  դասընթացքին հետեւող  աշակերտներ, որպէսզի այս համամիութեան նոր սերունդին առիթ տրուի իրարու ծանօթանալու։

Գիտաժողովին  պաշտօնական բացումը տեղի պիտի կ՛ունենայ ժամասացութեան աղօթքով, որուն կը յաջորդէ Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան զարգացման խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Քուրդ Խոխի դասախօսութիւնը ։

 Համամիութենական բնոյթ ունեցող գիտաժողովի աշխատանքները վերջ պիտի գտնեն Հաւատոյ դաւանանքի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Կերարտ Մուլլերի փակման խօսքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.