2017-02-23 09:01:00

Ֆրանսահայերը 120 հազար եուրօ հանգանակեցին ի նպաստ սուրիահայութեան


ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Շաբաթ, 18 Փետրուարին, սուրիահայութեան ի նպաստ կազմակերպուած «ռատիօթոն»ին հանգանակուեցաւ 120 հազար եուրօ: Նշենք, թէ դրամահաւաքին կը մասնակցէին Ֆրանսայի հայկական երեք ձայնասփիւռները՝ «Այբ Էֆ.Էմ.», «Ռատիօ Արմէնի» եւ «Ռատիօ Ա.», յաջորդաբար՝ Փարիզ, Լիոն եւ Վալանս:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հանգանակութիւնը սկիզբ առած էր Փետրուար 9ին եւ ուղղուած էր վերածնունդին Հալէպի հայ համայնքի, որ հինգ տարիէ ի վեր կը տառապի պատերազմէն:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Հալէպի Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ տասը օրերու ընթացքին հանդիպում ունեցան համայնքներուն հետ՝ բացատրութիւններ տալու համար հայրենակիցներուն ապրած տառապանքներուն մասին: Փե-տրուար 18ին տեղի ունեցած «Ռատիօթոն»ին, Սուրիոյ ներկայացուցիչներուն կողքին, կը մասնակցէին նաեւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու բանբերներ, ինչպէս՝ CCAF-ը, ՀԲԸՄ՝ը, Հայաստան հիմնադրամը, ՀՄԸՄը, Համազգայինը, Շէնը, Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF), «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութիւնը:

Ներկայ էին նաեւ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Տիրայր քհնյ. Գըլըճեան, Թէյրուզեան սրբազան եւ պատուելի Լեւոնեան: Այս հանգանակութեան իրենց աջակցութիւնը բերին արուեստագէտներ եւս, ինչպէս՝ Ժերար Փափազեան, երգիչ եւ երգահան Վիգէն Դարբինեան, լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան, պարուսոյց Քրիստինա Գալստեան եւ բեմադրիչ Ռոպեր Քէշիշեան:

Շնորհիւ այս իւրայատուկ ծրագիրին, որուն իրենց մասնակցութիւնը չզլացան նաեւ պատմաբաններ Անահիտ Տէր Մինասեան, Ռեմոն Գէորգեան եւ «Sigest» հրատարակչատան խմբագրապետ Վարուժան Սրապեան, հանգանակուեցաւ 120 հազար եուրօ:








All the contents on this site are copyrighted ©.