2017-02-23 14:07:00

''Առաքելական Ողորմաբաշխութեան'' գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կամքի հիման վրայ Առաքելական Ողորմաբշխութեան գրասենեակի անդամները այցելեցին երկրաշարժի թիրախ դարձած կեդրոնական Իտալիոյ մէջ գիւղաքաղաքներ, տեղական  մանրածախներէն արտադրած ապրանքներու մեծաքանակ  գնումներ կատարելով, որպէս օգնութիւն եւ օժանդակութիւն անոնց ապրած տնտեսական տագնապին''  գրուած է Քահանայապետի ողորմաբաշխ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա ընդգծուած է թէ '' Վերոնշեալ ապրանքները  բաժնուեցան Հռոմի բարեգործական զանազան հաստատութիւններու ու սահմանուեցան կարիքաւոր անձերու։ Սոյն ժեստը կը համապատասխանէ Ֆրանչիսկոս Քահանայպետի վարդապետութեան որ  բազմաթիւ հանդիպումներու ընթացքին միշտ  կրկնած է թէ ''երբ օրուան հացը կարելի չէ հայթայթել` արժանապատուութիւնը կը կորսուի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.