2017-02-22 10:56:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ ''Յոյսի մէջ փրկուած կը ճանչնանք մենք մեզ''


22 Եղբայրներ քանզի գիտենք, որ բոլոր ստեղծուածները հեծեծում են եւ երկունքի ցաւի մէջ են մինչեւ այժմ. 23 եւ ոչ միայն այսչափ. այլ եւ մենք իսկ, որ Հոգու առաջին պտուղն ունենք, մենք եւս մեր մէջ հեծեծում ենք՝ սպասելով որդեգրութեանը՝ մեր մարմնի փրկութեանը. 24 որովհետեւ յոյսով փրկուեցինք. իսկ տեսանելի յոյսը յոյս չէ, քանի որ մի բան, որ մէկը տեսնում է, էլ ինչո՞ւ յուսայ. 25 իսկ եթէ յոյս ունենք մի բանի, որը չենք տեսնում, ուրեմն՝ համբերութեամբ սպասում ենք դրան: 26 Նոյնպէս եւ Հոգին օգնութեան է հասնում մեր տկարութիւններին. որովհետեւ մենք աղօթում ենք եւ չգիտենք, թէ ինչպէս արժան է աղօթել. բայց Հոգին ինքը բարեխօս է լինում մեզ անմռունչ հառաչանքով:

(Ռատիօ Վատիկան) Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակի այս հատուածէն  ներշնչուելով, 22 Փետրուարի առաւօտեան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ներկայացուց քրիստոնէական յոյսի մասին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։ 

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, յաճախ կը մտածենք թէ արարչութիւնը մեր սեփականութիւնն է ու կարող ենք զայն շահագործել մեր քմահաճոյքի համար առանց հաշիւ ներկայացնելու եւ ոչ մէկուն։ Պօղոս առաքեալ սակայն մեզի կը յիշեցնէ թէ ան սքանչելի պարգեւ մըն է զոր Աստուած դրաւ մեր ձեռքերուն մէջ որպէսզի մենք անոր միջոցաւ ճանչնանք Աստուծոյ սիրոյ ծրագրին դրոշմը, որուն կանչուած ենք համագործակցիլ ամէն օր։

Բայց եւ այնպէս երբ մարդ արարածը թիրախ կը դառնայ եսասիրութեան­ կը կործանէ այն ամէն գեղեցիկ բաները որ իրեն վստահուած են եւ ահա այս պատահեցաւ արարչութեան։ Մեղքի տխուր փորձառութեամբ, որով խզուեցաւ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան կապը, մենք կորսնցուցինք սկզբնական գեղեցկութիւնը ու այլանդակ դարձուցինք ամէն ինչ։

Տէրը սակայն մեզ մինակ չի թողուր ու մեզի կը նուիրէ ազատագրումի նոր հեռանկար մը`  համամարդկային փրկութիւնը։ Եւ ահա այս է որ Պօղոս առաքեալ կ՛ուզէ ընդգծել ուրախութեամբ­­, մեզ հրաւիրելով ունկնդրել արարչութեան, մարդ արարածի ու Սուրբ Հոգւոյն մեր սրտերուն մէջ սերմանած ճիչերը, որոնք ինչպէս կը գրէ առաքեալը ''երկունքի ցաւի մէջ են''։

Մենք տակաւին կը կռենք մեր մեղքին հետեւանքները սակայն միաժամանակ գիտենք թէ փրկուած ենք Տիրոջմէն եւ ահա այս է մեր յոյսին պարունակութիւնը։ Քրիստոնեան արդարեւ կ՛ապրի աշխարհին մէջ ու կը ճանչնայ զինք շրջապատող եղելութիւններն ու չարին, եսասիրութեան ու մեղքի նշանները։ Ան զօրակից է տառապողին հետ, լացողին հետ ու մեկուսացուածին ու յուսահատին հետ, ու այս բոլորը կը կատարէ Յարուցեալ Քրիստոսի աչքերով։  Յոյսի մէջ մենք գիտենք թէ Տէրը կ՛ուզէ  իր անհուն ողորմութեան միջոցաւ վերջնականապէս բուժել` վիրաւոր ու խոնարհուած սրտերը ու այն ամէն ինչը որ մարդը  այլափոխեց։  

Քանի անգամներ քրիստոնեաներս կը մատնուինք յուսահատութեան եւ յոռետեսութեան... սակայն ամէն անգամ Սուրբ Հոգին` որ մեր յոյսի շունչն է ու կենդանի կը պահէ մեր սրտին մէջ սպասումի հեծեծումը, կը հասնի մեր օգնութեան ու ժխտական եւոյթներէն անդին մեզի կը բացայայտէ նոր երկինքն ու նոր երկիրը զոր Տէրը կը պատրաստէ մարդկութեան համար։ 

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիկսոս Պապ զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները­­, խրախուսելով երիտասարդները` Սուրբ Պետրոսի գահի տօնին առթիւ, աշխուժացնելու իրենց աղօթքները  Պետրոսի Յաջորդին ու Սուրբ Աթոռին դիտաւորութեամբ, հիւանդները հրաւիրեց իրենց ցաւերը նուիրելու եկեղեցական հաղորդութեան ու նորապսակներուն յորդորեց իրենց սէրը կառուցել այն նոյն սիրոյ վրայ` որ Տէր Յիսուսը  իր եկեղեցւոյ կը միացնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.