2017-02-22 10:45:00

Ֆրանչիկսոս Պապ օրհնեց ''Վասն Խաղաղութեան ու Եւրոպայի` Պենետիկտեան ջահը''


(Ռատիօ Վատիկան) Աւանդութեան համաձայն, 22 Փետրուար 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ողջունեց Սփոլեթօ - Նորչիա թեմին Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ Վատիկան ժամանած ''Պենետիկտեան ջահի'' պատուիրակութիւնը ու օրհնելով ''Վասն Խաղաղութեան ու Եւրոպայի Պենետիկտեան ջահը'' հրաւէր ուղղեց որպէսզի իւրաքանչիւր անձ դառնայ ''Խաղաղութեան մշակոյթի բանբեր կեանքի ամէն մէկ շրջանակի մէջ''։

''Պենետիկտեան ջահի'' օրհնութեան աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին` երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի պաշտպան սուրբ։ Սկզբնական շրջանին ջահը կը կրէր ''Մէկ՝ Եւրոպայի ի նպաստ''անունը ապա փոխուեցաւ ու դարձաւ ''Վասն խաղաղութեան ու Եւրոպայի Պենետիկտեան ջահ''։

Անոր լուսաւորումէն ետք, հաւատացեալներու խումբ մը՝ ուխտագնացութիւն կատարելով ջահը կը տանին Եւրոպայի զանազան քաղաքներ։  Պենետիկտեան ջահը մեզի կը յիշեցնէ՝ եւրոպայի քրիստոնէական ժառանգութիւնը։ ''Դարերու տարածքին քրիստոնեայ մշակոյթը դրոշմեց եւրոպական պատմութիւնը ու եղաւ խաւարի մէջ լոյսի նշոյլ մը''  յայտարարած էր Մոնթէքասսինօ Աբբայարանի աբբահայրը՝ հաստատելով թէ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը մեզ կ՛օգնէ վերյիշելու Եւրոպայի քրիստոնէական արմատները։

2017 տարուայ սոյն ձեռնակը յատուկ նշանակութիւն կը ստանձնէ` ըլլայ կեդրոնական Իտալիան հարուածող բնական աղէտներու բերումով, ըլլայ Հռոմի Պայմանագիրի ստորագրութեան 60 ամեակին առթիւ` որով ծնունդ առաւ Եւրոպական Միութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.