2017-02-22 08:45:00

Վարդանանց տօնակատարութիւններ։ Քեսապ. Աթէնք. Պուրճ Համմուտ


Քեսապ. Կազմակերպութեամբ՝ Քեսապի երեք Համայնքներուն, Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի պիտի ունենայ  Վարդանանցի պատերազմի նահատակներուն յիշատակին նուիրուած Ս. Պատարագ որուն` ժամը 12:00-ին պիտի յաջորդէ գեղարուեստական յայտագիր` Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յունաստան.Իսկ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցւոյ մէջ, Սրբոց Վարդանանց զօրավարած տօնին առթիւ, Հինգշաբթի 23 Փետրուար 2017 երեկոյեան ժամը 7,30-ին տեղի կ՛ունենայ դասախօսութիւն եւ տօնակատարութիւն հովանաւորութեամբ Հայր Յովսէփ Թ․Ծ․Վ Պէզազեանի` Վիճակաւոր Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց։ Տօնակատարութեան Դասախօսն է` Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ․ Տէր Գէորգ եպս. Ասատուրեան ։

Լիբանան Իսկ այսօր` չորեքշաբթի, 22 փետրուարի՝ երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Լիբանանու` Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքին տեղի կ՛ունեայ  Սրբոց Վարդանանց Զօրաւարաց նուիրուած ձեռնարկ մը մասնակցութեամբ Արծիւեան եւ Բլբուլ երգչախումբերուն։ Օրուան պատգամախօսը կը հանդիսանայ  Լիբանանի զբօսաշրջիկութեան նախարար՝ մեծյարգոյ Տիար Աւետիս Կիտանեան։     








All the contents on this site are copyrighted ©.