2017-02-22 08:31:00

Ստեղծուեցաւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան առաջին կայքը


Նախաձեռնութեամբ www.yerakouyn.com արեւմտահայերէն կայքի հիմնադիրներուն եւ աջակցութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Փետրուար 21-ին՝ Մայրենիի օրուան առիթով՝ տեղի ունեցաւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան համապարփակ առաջին կայքի (armlands.com) ստեղծման շնորհանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան, նախ շեշտեց մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու հրամայականը եւ մայրենի լեզուի դեսպանի մետալով պարգեւատրեց շարք մը արժանաւորներ։ Ապա, նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքին՝ ըսելով,-«Արեւմտահայերէն առաջին մանկապատանեկան կայքի ստեղծման միտքը հայրենադարձներու դուստր, այժմ 9-ամեայ Արեգի Տաղլեանինն է, երբ ան դեռ 7 տարեկան էր։ Անոր խնդրանքով՝ իր մայրը՝ «Եռագոյն» կայքի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը, Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ, կեանքի կոչեց «Armlands.com» կայքը: «Հայկաշխարհ»-ը նպատակ ունի դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերուն եւ տպագիր թերթերուն շտեմարանը»։ Նախարարը ընդգծեց, որ կայքի կայացման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու,  ուսուցիչներու եւ մանկական թերթերու աջակցութիւնը։

Կայքին կառուցուածքն ու բաժինները ներկայացուց «Եռագոյն» արեւմտահայերէն եւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքերու համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը: Ան նշեց, որ կայքը կը ներառէ փոքրիկներու անկիւն (4-8 տարեկաններու համար), մանկապատանեկան, ժամանցային, նորութիւններու բաժիններ, շտեմարան, խօսակցելու բաժին եւ այլն (9-16 տարեկաններու հտամար): «Արդէն սկսած են այլ մանկապատանեկան թերթերու հետ աշխատանքները եւ համագործակցութիւնը: Կարծեմ Հայկաշխարհի «բնակիչներուն» առաւելաբար պիտի հետաքրքրէ «Մենք» բաժինը, ուր պիտի տեղադրուին անոնց ստեղծագործութիւնները, իրենց քաղաքներու, դպրոցներու եւ համայնքի մասին իրենց նախաձեռնութեամբ նկարահանուած նիւթերը: Իսկ «Խօսակցիլ» բաժնին մէջ՝ երեխաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան առցանց իրարու հետ հաղորդակցելու»,- նշեց Ն. Մկրտիչեան: 

Կայքին վերաբերեալ կարծիք յայտնեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Տնօրէն Նարէ Միքայէլեանը, որ կարեւոր համարեց կայքի ստեղծման սքանչելի գաղափարը եւ հաւաստիացուց, որ Համազգայինը պատրաստակամ է համագործակցելու նախաձեռնող խումբին հետ՝ յատկապէս տրամադրելով Համազգայինի ստեղծած «Լալան ու Արան» ելեկտրոնային խաղը։ Հայրենադարձ ծնող, Հայկաշխարհ կայքի աջակից Լիզա Քարաճեան եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց նման կարեւոր կայքի ստեղծման համար՝ ըսելով,- «Կայքը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ մայրենիին լաւապէս տիրապետելու համար, ես հայրենադարձ եմ եւ Հայրենիք եկած եմ, որպէսզի երեխաներս հայ մեծնան: Իսկ հայ մեծնալու առաջին պայմանը մեր մայրենին գիտնալն է»։

Հայկաշխարհ կայքի ստեղծման շնորհանդէսը եզրափակուեցաւ «Արեւի մարդիկ» երգին կատարումով. Երգը կատարեցին Երեւանի Եւրոպական դպրոցի 4-րդ դասարանի աշակերտները՝ Արեգին եւ իր ընկերները:

Յիշեցնենք, որ կայքը հասարակութեան հասանելի կ’ըլլայ 2017-ի Սեպտեմբեր 21-ին՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի 5 ամեակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.