2017-02-22 09:58:00

Հարաւային Սուտանի ի սպաս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յատուկ օրէն մտահոգիչ են այն ցաւալի լուրերը որոնք կը հասնին Նահատակ Հարաւային Սուտանէն ուր տեղի ունեցած եղբայրասպան հակամարտութեան աւելցաւ պարէնային լուրջ ճգնաժամը, որ սովամահութեան  դատապարտեց միլիոնաւոր մարդիկ որոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ։ Այս պահուն աւելի քան երբեք կարիքը կայ բոլորին յանձնառումին, չսահմանուելու լոկ յայտարարութիւններ կատարելու մէջ, այլ շօշափելի դարձնելու պարէնային օգնութիւնները ու թոյլ տալ որ անոնք հասնին տառապող բնակչութեան։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչը արտասանուած չորեքշաբթի հրապարակային ունկնդրութեան  ընթացքին  որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը հայցեց Ամենակալ Տիրոջ հովանին մեր այս եղբայրներուն ու բոլոր անոնց որոնք կ՛օժանդակեն անոնց օգնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.