2017-02-22 14:41:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Բաց աչքերով կոյրերը


Բաց աչքերով կոյրերու մասին Յիսուս հանգամանօրէն արտայայտուած է: Ան հրապարակաւ խայտառակած է զանոնք, որովհետեւ իր աստուածային նախասահմանեալ գիտութեամբ գիտէր, թէ անոնք գիտութիւնը ունէին ճանչնալու ճշմարտութիւնը, սակայն պարզապէս չգիտնալ կը ձեւացնէին:

Մարդկային իւրաքանչիւր հիւանդութիւն մասնաւոր քննութեան ենթարկուելով, ախտաճանաչում կը կատարուի, համապատասխան բուժումի ընթացք յանձնարարելով հիւանդին:

Աչքերու հիւանդութիւնը, կամ տեսողութեան տկարութիւնը եւս ունի իր հիմնական պատճառները, զորս աչքի մասնագէտ բժիշկներ կը յայտնեն սոյն հիւանդութեամբ տառապող իրենց հիւանդներուն: Մէկուն կարճատեսութիւնը, միւսին հեռատեսութիւնը, մէկ ուրիշին աչքերու ճնշումը, յաջորդին կոպերուն առնչուած դժուարութիւնը, մէկուն աչքերուն դիմաց իջած թաղանդային վարագոյրը եւ այլ հիւանդութիւններ, մասնագէտ բժիշկներու կողմէ քննուելէ ետք, լուծումներու առաջարկներ կը տրուին հիւանդին:

Ներկայ աշխարհը իր յառաջադէմ գիտութեամբ, տեսողութեան հետ առնչուող վերոյիշեալ սովորական նկատուող հիւանդութիւններուն դարմանը գտած է արդէն, երբեմն նոյնիսկ վիրաբուժական գործողութիւններու հեղինակաւոր միջամտութիւններով:

Աչքերու կարեւորութեան մասին եթէ ուզենք խօսիլ, աւելորդ շաղակրատութիւն պիտի ըլլայ այդ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ իր սեփական փորձառութեամբ գիտէ, թէ ամէն առաւօտ երբ աչքերը բանայ ու աշխարհը տեսնէ իր գունագեղութեամբ, ինչքան փառք կու տայ Արարիչին: Իսկ աչազուրկը շա՛տ աւելի լաւ գիտէ յարգը իր չունեցած աչքերուն, որովհետեւ երբ ամէն առաւօտ արթննայ ու չտեսնէ Աստուծոյ լոյսը, երանի՜ կու տայ անոնց, որոնք այդ աստուածապարգեւ շնորհքէն չեն զրկուած:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ արտայայտութիւն գտած վերոյիշեալ «կուրութիւնը» ուրեմն, բացայայտօրէն ֆիզիքական աչքերու կուրութեան մասին չէ, այլ՝ հոգեկան: Սակայն, հոգեկան աչքերու կուրութիւնը եւս իր բազմաթիւ իմաստները եւ մեկնաբանութիւնները ունի:

Աստուածաբանական իմաստը այս տեսակի կուրութեան, Աստուծոյ ճանաչողութեան գործընթացին մէջ, մարդ էակին ունեցած դժուարութիւնն է: Օրինակ, կան մարդիկ, որոնք վայելելով հանդերձ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը իր բոլոր բարիքներով, չեն կրնար ընդունիլ Անոր գոյութիւնը: Անոնք բաց աչքերով կոյրեր են: Իրենց կեանքի իւրաքանչիւր օրը վայելքով ու երջանկութեան մէջ ապրող անձեր, շատ աւելի շո՛ւտ կը մոռնան Աստուծոյ գոյութիւնը, իսկ տառապող մարդիկ զԱստուած կը յիշեն, սակայն՝ բողոքելով Անոր, իրենց ապրած թշուառ կեանքին համար: Ուրեմն, երկու կողմերն ալ հաւասարապէս կ՛ուրանան Անոր գոյութիւնը. մէկը իր ուրախութենէն գինովցած, իսկ միւսը՝ թշուառ, բայց՝ արթուն վիճակով: Ընկերաբանական իմաստը երբ փնտռենք այս տեսակի կուրութեան, պիտի տեսնենք, թէ ատիկա ընդհանրապէս առնչուած է մարդկային փոխյարաբերական կեանքին: Լսուած առածը կ՛ըսէ. «Կուշտը անօթիին փորէն չի՛ հասկնար», այսինքն, երբ մէկը բաւարարուած է եւ ոչ մէկ բանի կարիք ունի, չի՛ կրնար հասկնալ, թէ այդ ամէնը չունեցողը ի՞նչ վիճակի մէջ կ՛ըլլայ, կամ՝ ի՞նչ կը զգայ:

Մարդկային փոխյարաբերական կեանքի ամէնէն տխուր երեւոյթներէն մէկն ալ այն է, երբ ինքնատեսութեան ախտով վարակուածը չկարենայ տեսնել, կամ՝ գէթ նշմարել ուրիշին ունեցած կարողութիւնը: Այս ալ երրորդ տեսակի կուրութիւնն է, որուն բուժումը շատ աւելի՛ դժուար է, քան՝ ֆիզիքապէս կոյր աչքին տեսողութեան վերադարձը…։ Սովորաբար կուրութիւնը դժբախտութիւն կը համարուի: Չէ՞ք խորհիր, թէ նոյն բնագաւառէն ներս՝ տեսողութեան խնդիրի հետ կապուած աւելի՛ մեծ դժբախտութիւն է՝ բաց աչքերով կոյր ըլլալը…։

_ Որքան ապրիս, այդքան աւելի՛ բան կը տեսնես, _կ՛ըսէր իմաստուն ծերունի բարեկամս:








All the contents on this site are copyrighted ©.