2017-02-22 09:12:00

Կարդինալ Թոռան Եգիպտոսի մէջ կը մասնակցի կրօնական մոլեռանդութեան դէմ ուսումնաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռան մեկնած է Եգիպտոս` ուր 22 եւ 23 Փետրուարին կը մասնակցի  Ալ Ազհար համալսարանի մօտ կազմակերպուած ուսումնաժողովի մը որուն նիւթն է ''Ալ Ազհարի ու Վատիկանի դերը կրօնի անունով գործադրուած մոլեռանդութեան, ծայրայեղականութեան ու բռնութեան երեւոյթներուն հակազդեցութեան մէջ''։

Կարդինալ Թոռանին կ՛ընկերանան վերոնշեալ Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը գերապայծառ Միկել Անկել Կիքսօ եւ Եգիպտոսի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Պրունօ Մուսարօ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ու Ալ Ազհարի աւագ Իմամ` Ահմատ Ալ Թայիպին միջեւ 2016-ի մայիս 23-ին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը բազմիցս այցելեց Աղեքսանդրիան ուր նախապատրաստական հանդիպումներ ունեցաւ վերոնշեալ ուսումնաժողովի կազմակերպութեան համար, որ կը զուգադիպի 24 Փետրուարի նախօրեակին,­ յիշատակելու համար Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Ալ Ազհարի տուած այցելութիւնը` 24 փետրուար 2000 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.