2017-02-22 08:23:00

Թուրքիոյ մէջ պաշտօնանկ եղած են 227 դատաւոր եւ դատախազ


Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կառոյց համարուող «Կիւլենական համայնք»-ին դէմ տարուող հետաքննութեան ծիրէն ներս՝ պաշտօնանկ եղած են 227 դատաւոր եւ դատախազ: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը տեղեկացնէ «Deutsche Welle»-ի թրքական ծառայութիւնը:

2016 Յուլիս 15-ի ձախողած յեղաշրջումէն ետք՝ ընդհանուր առմամբ, հետաքննութիւն յարուցուած է 4.176  դատաւորի եւ դատախազի դէմ, որոնց 3.886-ը արդէն հեռացուած են աշխատանքէ: Միւսներուն վերաբերեալ հետաքննութիւնները դեռ ընթացքի մէջ են:

Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Մեհմեթ Եըլմազ տեղեկացուցած է, որ պաշտօնանկութեան վճիռները կայացուած են օրէնքի ուժ ունեցող որոշումներուն ծիրէն ներս: Ան նշած է, որ ապացուցուած է աշխատանքէն հեռացուած դատաւորներու եւ դատախազներու կապը «Կիւլենական համայնք»-ին հետ:

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն` յեղաշրջման փորձէն ետք՝ Թուրքիոյ մէջ, ընդհանուր առմամբ, բանտարկուած է 43.000 քաղաքացի, աշխատանքէ հեռացուած` 100.000 պետական պաշտօնեայ, որոնք կը մեղադրուին կիւլենականներու հետ կապ ունենալու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.