2017-02-22 08:19:00

Արցախի ընտրութիւնները կը համապատասխանեն Եւրոպական չափանիշներուն. Ֆրանք Էնկել


Արցախի հանրաքուէն կը համապատասխանէր Եւրոպայի չափանիշներուն: «Արմենփրես»-­ի հաղորդմամբ` Փետրուար 21-­ին ամփոփելով քուէարկութեան ընթացքին դիտորդական առաքելութեան նախնական արդիւնքները` ըսած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկել:

«Թէեւ Արցախի Հանրապետութիւնը չէ չճանչցուած, կը կարծեմ արդէն կրնամ վստահօրէն Արցախի Հանրապետութիւն ըսել»,­- ըսած է Ֆրանք Էնկել:

Ան նկատած է, որ ճանչցուած չըլլալը չ՛ազդեր ժողովուրդի կամքին վրայ: «Ատիկա չի խանգարեր անոնց՝ աշխոյժ մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ ամբողջ աշխարհին դէմ դուրս գալու: Արցախի ժողովուրդը ըսած է «այո», ըսած է «այո» բաւական հիմնաւոր: Ես յուսով եմ, որ միջազգային հանրութիւնը հաշուի պիտի առնէ, որ այս երկրին մէջ մարդիկ ազատեն իրենց ընտրութիւնը կատարելու հարցով, եւ միեւնոյն ժամանակ ատիկա այդպէս չէ այստեղէն քանի մը քիլոմեթր հեռու գտնուող պետութեան մէջ»,- ըսած ­ է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը:

 Անդրադառնալով Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին» ու ատոր մէջ իր յայտնուելու հնարաւորութեան, Ֆրանք Էնկել կատակած է. «Վերջերս ստուգած եմ դեռ չեմ ներառուած: Եթէ ներառուիմ ալ` չեմ զարմանար, քանի որ այնպէս չէ, որ ծրագրած եմ յաջորդ արձակուրդներս Ատրպէյճան անցնել»,-­ կէս կատակ ­կէս լուրջ ըսած է ան:

 Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրական հանրաքուէին ժամը 03:00 դրութեամբ կողմ քուէարկած է 69 հազար 540 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 87,6 տոկոսը, դէմ քուէարկուած քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 7 հազար 686 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 9,7 տոկոսը, անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 2202 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 2,8 տոկոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.