2017-02-22 08:26:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց «Արեւելքի Քրիստոնեաները» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը


Երեքշաբթի, 21 փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ֆրանսական «Արեւելքի Քրիստոնեաները» կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի տնօրէնը` խորհրդակցութիւն ունենալու ընդհանրապէս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած խնդիրներու եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններու գծով:

Տասնամեակներ առաջ հաստատուած յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակն է օգտակար հանդիսանալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ծրագիրներուն` շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքները աւելի կազմակերպելու եւ անոնց վկայութիւնը աւելի աշխուժացնելու հեռանկարով: Այս շրջագիծին մէջ վեհափառ հայրապետը ողջունելով կազմակերպութեան տարած գործունէութիւնը, ընդհանուր գիծերով պարզեց հայ համայնքներու կատարած ընկերային ու մարդասիրական աշխատանքները եւ թելադրեց մօտէն գործակցիլ համայնքներու կրթական, ընկերային ու մարդասիրական կառոյցներուն հետ` բնականաբար առաջնահերթութիւն տալով Հալէպի հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.