2017-02-22 08:35:00

«Սուրիոյ տագնապը չի կրնար լուծուիլ միայն զինուորական միջոցներով» կ՛ըսէ Սիրոմոլոթով


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին շուրջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ կը գտնուի Իսրայէլ, իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ միայն զինուորական միջոցներով լուծել:

«Սուրիոյ տագնապը կարելի չէ լուծուիլ միայն զինուորական միջոցներով», ըսած է Սիրոմոլոթով: Ըստ անոր, «գլխաւոր խնդիրներէն մէկը Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան անջատումն է ահաբեկիչներէն»:

«Անցեալ տարի մենք Միացեալ Նահանգներու հետ կը փորձէինք համաձայնութեան գալ այդ նիւթին շուրջ, սակայն ամերիկացիները այդ ժամանակ չկրցան տարբերութիւն դնել ընդդիմութեան եւ ահաբեկիչներուն միջեւ», աւելցուցած է ան:

Սիրոմոլոթով նաեւ նշած է, որ երբ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապը աւարտի, Իրանի ուժերը եւ Հըզպալլան պիտի հեռանան Սուրիայէն: «Ես կը հասկնամ, որ Իսրայէլի մէջ մտահոգութիւններ կան այն բանին առնչութեամբ, որ Հըզպալլայի եւ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ստորաբաժանումները, որոնք կը գտնուին Սուրիա, այնտեղ պիտի մնան նաեւ պատերազմէն ետք», նշած է ան` աւելցնելով. «Անոնք պիտի հեռանան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.