2017-02-20 09:20:00

Թրամփ «Մտադիր ենք Սուրիոյ մէջ ստեղծելու ապահով գօտիներ»


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած իր խօսքին ընթացքին յայտարարեց, որ մտադիր է Սուրիոյ եւ անոր մերձակայքը ստեղծել ապահով գօտիներ, ուր պիտի բնակին տեղահանուածները` զանոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ հիւրընկալելուն փոխարէն, մինչեւ իրենց շրջաններուն մէջ կացութեան բարելաւումը:

Ան նշեց, որ Արաբական ծոցի երկիրներու կառավարութիւններն են, որոնք այդ ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորեն` աւելցնելով, որ այդ երկիրներէն պիտի պահանջէ անհրաժեշտ գումարները տրամադրել:

Թրամփ պաշտպանեց ներգաղթի հարցով իր քաղաքականութիւնը` նշելով, որ «հազարաւոր անձերու արտօնեցինք մեր երկիր մուտք գործել, եւ կարելիութիւնը չկար անոնց ինքնութիւնը ստուգելու, որեւէ փաստաթուղթ կամ այլ բան չկար: Մենք մեր երկրին անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորենք»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ չ՛ուզեր վատ գաղափարներու տէր անձերուն մուտքը երկիր:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը վճռակամութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու` նշելով, որ պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսէն պահանջած է ՏԱՀԵՇ-ը ամբողջական պարտութեան մատնելու ծրագիր մը պատրաստել: Ան նաեւ նշեց, որ հրամայած է «վճռակամ ջանքեր թափել ծայրայեղական իսլամ ահաբեկիչները մեր երկրէն հեռու պահելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.