2017-02-20 09:29:00

Գիրքի Երեւանեան 13-րդ ցուցահանդէս-վաճառքը`«Մայրենիի Շաբթուան» ծիրէն ներս


Փետրուար 18-ին Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ Խնկօ Ապոր գրադարանի եւ ՀՀ հրատարակիչներու ընկերակցութեան  կողմէ կազմակերպուած Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 13-րդ ցուցահանդէս-տօնավաճառի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, գրողներ Ռազմիկ Դաւոյեան, Լիպարիտ Սարգսեան եւ այլ գրողներ, արուեստագէտներ, դպրոցականներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խնկօ-Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տօնոյեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աջակիցներուն եւ նշեց, որ  այս ցուցահանդէսը առանձնայատուկ է անով, որ նախաձեռնութեան միացած է Սփիւռքի նախարարութիւնը, եւ այն կազմակերպուած է Մայրենիին նուիրուած շաբթուան ծիրէն ներս:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան կարեւոր համարեց գիրն ու գրականութիւնը, հոգեւոր արժէքները ներկայացնելու նման նախաձեռնութիւնները, որոնք ընթերցասիրութեան ազդակներ կը հաղորդեն երեխաներուն, կապելով անոնց ազգային արմատներուն: Նախարարը մասնաւորապէս ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ Խնկօ Ապոր անուան գրադարանում` մանկապատանեկան գրքերի աշխարհում հաւաքուել են գրողը, ընթերցողն ու հրատարակիչը:  Դուք գիտէք, որ Փետրուարի 21-ը ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կողմից ճանաչուել է «Մայրենիի օր», եւ  հայոց պետական տօնացոյցում եւս այն իր արժանի տեղն ունի, իսկ Փետրուարի 18-24-ը Սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարել է Մայրենիի շաբաթ, որի շրջանակում իրականացուելու են մի շարք միջոցառումներ: Շնորհաւորում եմ բոլորին եւ հրաւիրում մասնակցելու մեր միջոցառումներին: Վստահ եմ, որ մեր սերունդները կը պահպանեն մայրենի լեզուն` որպէս բարձրագոյն արժէք, որպէս սրբութիւն, կը հարստացնեն կարդալով, առնչուելով հայ գրաւոր մտքին գեղարուեստական գրականութեանը եւ կը փոխանցեն սերունդներին»:

Ներկաներուն ողջունեցին ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան, Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակութային խորհրդական եւ մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Մաճիտ Մելքին, մանկագիր Լիպարիտ Սարգսեան, ԱԺ պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեան:

Ձեռնարկին իրենց շքեղ հրատարակութիւններով ներկայացած էին Հայաստանի ճանչցուած հրատարակիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.