2017-02-18 09:41:00

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ պիտի նշուի Հայերէնով Աստուածաշունչի առաջին հրատարակութեան 350-ամեակը։


Հնագոյն ձեռագիրներու հիմնարկ Մատենադարանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ 2017 թուականին շարք մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենայ` նուիրուած հայերէն Աստուածաշունչի առաջին  հրատարակութեան 350-ամեակին: Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան NEWS.am-ին ըսած է, որ  2016-ի վերջը Մատենադարանը շահած է այդ ծրագիրը:

Անոր խօսքով` հայերէնով Աստուածաշունչի հրատարակումը մեծ իրադարձութիւն է ոչ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի համար: Տօնակատարման ծրագիրը երեք բաղկացուցիչ ունի`, հնատիպ գիրքերու ցուցադրութիւն, 350-ամեակին նուիրուած «պատկերագիրք-ուսումնասիրութեան» տպագրութիւն եւ գիտաժողով:

Հիմնական ձեռնարկները պիտի սկսին Յունիսին եւ պիտի տեւեն մինչեւ տարեվերջ:

Հայերէնով առաջին տպագիր Աստուածաշունչը 1666-1668 թուականներուն Ամսթերտամի մէջ հրատարակած է Ոսկան Երեւանցին: Սա հայերէնով տպագրուած հնագոյն գիրքերու լաւագոյն օրինակներէն մէկն է եւ աշխարհի մէջ հրատարակուած Աստուածաշունչի աւելի արժէքաւոր վաղ հրատարակութիւններէն մէկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.