2017-02-17 11:34:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ''Roma Tre'' համալսարանին մէջ արտասանած ճառը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 17 փետրուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի ''Roma Tre'' անուամբ համալսարանական համալիրը ուր հանդիպում ունեցաւ համալսարանի ուսուցչական անձնակազմի եւ աշակերտութեանց հետ։

Համալսարանի Ռեկտոր Փրոֆ Մարիօ Փանիցցայի բարի գալուստի խօսքէն եւ չորս աշակերտներու Սրբազան Քահանայապետին ուղղած հարցումներէն ետք Նորին Սրբութիւնը մէկդի դնելով գրի պատրաստուած իր ճառը, անպատրաստից խօսք ուղղեց ներկաներուն նշելով թէ նոր սերունդին դաստիարակութիւնն ու ակադեմիական կազմաւորումը առաջնային կարիք մըն են` կեանքի եւ ընկերութեան զարգացումին համար։

Ան ապա ակնարկեց իրեն ուղղուած չորս հարցումներուն որոնցմէ առաջինը հայող աշխարհի մէջ տարածուած ''բռնութեան'' իրականութեան։  Նորին Սրբութիւնը ըսաւ  թէ եթէ մեր շուրջ նայինք կ՛անդրադառնանք թէ աշխարհի մէջ կան տակաւին բռնութեան ու թշնամութեան բազմաթիւ նշաններ։

Մենք ականատես ենք ''հատուածաբար կատարուած համաշխարհային պատերազմի մը'', աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ հակամարտութիւններ տեղի կ՛ունենան որոնք կը վտանգեն նոր սերունդներու ապագան։ Այս բոլորը կը պատահի զէնքի արտադրութեան պատճառաւ, հակառակ որ տարիներէ ի վեր կ՛ընդգծուի զինաթափումի կարեւորութիւնը սակայն շատ մը երկիներ կը շարունակեն աւելացնել իրենց զինամթերքի ծախսերը ու այս կ՛ընեն աշխարհի մը մէջ որ կը պայքարի անօթութեան ու հիւանդութիւններու դէմ։ Այս մէկը գայթակղեցուցիչ հակասութիւն մըն է, հաստատեց Սրբազան Հայրը, խրախուսելով երիտասարդները չվհատելու որովհետեւ կարելի չէ ապրիլ առանց յոյսի։ Երբ յոյսը պակսի  կը պակսի նաեւ կեանքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ զանոնք զգուշացնելով սակայն ''ունայնութիւն'' վաճառողներէն ու ակնարկեց ''բախտախաղի'' մոլութեան որ կը քանդէ բազմաթիւ անհատներու եւ ընտանիքներու կեանքը եւ այս առընչութեամբ ընդգծեց Համալսարաններու դերը կանխարգիլելու ու դարման գտնելու այդպիսի երեւոյթներուն։

''Ռումբերը կը կործանեն մարմինը, հակումները կ՛ոչնչացնեն մտքերն ու հոգիները'' ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց երիտասարդները յանձնառու ըլլալ իրականացնելու ''վերջիններուն'' վերապահուած ծառայական ծրագիրներ, որպէսզի Հռոմի մէջ եւս աճի ''պատկանելիութեան'' ինքնութիւնը։

Ընդառաջելով ընկերային աղքատութեան երեւոյթներուն կը դառնանք կառուցողական ներգործութիւններու դերակատարներ որոնք կը հակասեն բռնարար հակամարտութիւններու կործանական ներգործութիւնը ու դէմ կը կենան մսխումի մշակոյթին որ հիմնուած է դրամ կուռքի, հաճոյքի ու երեւնալու վրայ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ  ''միասնաբար վերագտնելու համար վստահութեան իմաստը հարկաւոր է աշխատիլ ծրագիրներու վրայ որոնք կը զարգացնեն հանդիպումն ու զօրակցութիւնը''։

Ամէն մէկ միջավայրի մէջ ու յատկապէս համալսարանական միջավայրի մէջ հարկաւոր է` խոր զատորոշումով ու առանց վախի  դիմագրաւել դարաշրջանի յեղաշրջումները, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ ամէն մէկ փոփոխութիւն անցք մըն է որ իր հետ կը բերէ դժուարութիւններ, յոգնութիւն ու տառապանք սակայն միաժամանակ մեր առջեւ կը բանայ նոր եւ բարի հորիզոններ։Այս յեղաշրջումները կարիքն ունին տնտեսական, մշակութային ու ընկերային նոր նմուշներու, վերագտնելու համար մարդ արարածի կեդրոնական արժէքը։

Ակնարկելով հուսկ իրեն ուղղուած երրորդ հարցումին ''համաշխարհայնացած հաղորդակցութեան'' մասին Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ այս  բարդ իրողութեան ի տես հարկաւոր է գործել բարոյական ու հոգեւոր չափանիշերով։

Հարկաւոր է հարց տալ թէ ո՞րն է լաւն ու ո՞րը գէշը - ըսաւ Ան ընդգծելով թէ Համալսարանը  կը ծառայէ սորվելու, սորվելու բարին գեղեցիկը ու ճշմարտութիւնը ու թէ ան կը զարգացնէ նաեւ հանդիպումի ու երկխօսութեան մշակոյթը որոնք պէտք է ըլլան համակեցութեան հիմնական պայմանները։

Ֆրանչիսկոս Պապ  պատասխանելով ապա իրեն ուղղուած վերջին հարցումին հայող ''ուրիշէն ու օտարականէն վախին'' հաստատեց թէ Եւրոպայի քրիստոնէական մշակոյթի առաջին սպառնալիքը նոյնինքն եւրոպայէն կու գայ­, երբ ան կը փակուի ինքնիր մէջ։ Մշակոյթ մը կ՛ամրապնդուի երբ կը բացուի ուրիշ մշակոյթներու, ունենալով յստակ ու հասուն գիտակցութիւն մը իր իւրայատուկ արժէքներու եւ սկզբունքներու մասին։

Մենք կանչուած ենք հասկնալու եւ արժեւորելու նաեւ ուրիշին արժէքները, յաղթահարելով անտարբերութեան ու վախի փորձութիւնը, կոչ ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով չվախնալ հանդիպումէն ու երկխօսութիւնէն, ու խօսելով գաղթականութեան երեւոյթի մասին դիտել տուաւ թէ  հարկաւոր է  կասեցնել այս դժբախտ իրականութիւնը ու գործել խաղաղութեան համար ինչպէս նաեւ ընկերային զարգացումի ու բարգաւաճումի ի սպաս։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց գաղթականներու հիւրընկալութեան ու անոնց ընկերութեան մէջ ''ներառումի'' հարցին, յայտնելով թէ գաղթականները մեզի նման այրեր ու կիներ են եւ թէ հարկաւոր է ընկալել զանոնք որպէս եղբայրներ ու քոյրեր հուսկ դիտել տուաւ թէ հարկաւոր է նաեւ հիւրընկալութեան քաղաքականութիւն մըն է,  ամէն երկիր պէտք է գիտնայ քանի հոգի կարող է ընդունիլ, ապա այդ անհատները  ''ներառել'' երկրին իրականութեան մէջ, անոնց ապահովեցնելով դաստիարակութիւն եւ աշխատանք ու անոնց փոխանցելով տեղական մշակոյթի արժէքները ինչպէս նաեւ յարգելով անոնց մշակոյթն ու սովորութիւնները։

Ներառումը կարեւոր է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մինչ մեկուսացումը վնասակար է։ Ահա այս է վախի դիմաց իմ պատասխանս։

''Համալսարան կը նշանակէ զանազանութիւններու միջեւ երկխօսութիւն ''ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Ճառին աւարտին տեղի ունեցան նուէրներու փոխանակում, աջահամբոյր ու աշակերտներու հետ հանդիպում որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կատարեց Վատիկան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.