2017-02-17 08:16:00

Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը 5- 10 Մարտ 2017-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուսի չարչարանքները, մահն ու Յարութիւնը ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին'' այս պիտի ըլլայ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ Հայր Ճուլիօ Միքելինիի խորհրդածութիւններու նիւթը, զոր պիտի ներկայացնէ յառաջիկայ 5 -10 մարտ 2017-ին, Սրբազան Քահանայապետին ու Հռոմի Քուրիայի անդամներու քառասնորդացի քարոզած Հոգեւոր կրթութեան ընթացքին, Արիչչայի ''Աստուածային Վարդապետ'' կեդրոնին մէջ։ 

Հոգեւոր կրթութեան օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ Կիրակի 5  Մարտի երեկոյեան 6-ին Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքի եւ ժամասացութեան արարողութեամբ։ Ապա յաջորդ օրերու ընթացքին առաւօտեան 7,30-ին նախատեսուած է Սուրբ պատարագ, առաջին խորհրդածութիւնը 9,30-ին ապա յետմիջօրէի 4-ին երկրորդ խորհրդածութիւն, որուն ամէն օր կը յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքի եւ ժամասացութեան արարողութիւնները։

Վերջին օրը` ուրբաթ 10 Մարտին, Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ կը գտնէ առաւօտեան խորհրդածութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.