2017-02-15 15:00:00

Ինը կարդինալներու խորհուրդի ԺԸ ժողովի նիւթերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ինը կարդինալներու խորհուրդը չորեքշաբթի 15 փետրուարին կ՛եզրափակէ իր ԺԸ նիստը եւ այս առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէն Տիկ Փալոմա Կարսիա Օվէյերոն, մամլոյ գրասենեակի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած  ասուլիսի մը ընթացքին նշեց թէ վերոնշեալ ժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին խորհուրդի բոլոր անդամները մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ ժողովէն բացակայեցաւ երկուշաբթի 13 փետրուարի առաւօտեան, Քոսթա Ռիքայի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի առթիւ եւ 15 փետրուարին` չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան պատճառաւ։

Աշխատանքային նիստերը տեղի ունեցան առաւօտեան 9-էն 12,30 եւ կէսօրէ ետք 16,30-էն 19,00, որոնց ընթացքին նկատի առնուեցան ու քննարկուեցան Ժողովուրդներու Աւետարանութեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու եւ Միջկրօնական երկխօսութեան ժողովներու բարեկարգումի հարցերուն հայող նիւթեր։ Քննարկուեցան նաեւ Առաքելական Դատարանի հայող հարցեր ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսութեան թեկնածուներու ընտրութեան գործընթացին հայող որոշումներ։ 

Տնտեսութեան Քարտուղարութեան նախագահ` Կարդինալ Փելը ժողովականներուն ներկայացուց Քահանայապետէն խնդրուած Վատիկանի տնտեսական հարցերու բարեկարգումի աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ, մինչ հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչը, կարդինալական խորհուրդին ներկայացուց Վատիկանի հաղորդակցութեան կառոյցներու բարեկարգի աշխատանքներու  ներկայ իրավիճակը։

Ինը կարդինալներուն խորհուրդի  յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է 24, 25 եւ 26 ապրիլ 2017-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.