2017-02-13 12:41:00

Տեառնընդառաջի տօնը Հայաստանեան Առաքելական եկեղեցւոյ մօտ։


Հայաստանեան Առաքելական եկեղեցին վաղը պիտի նշէ  տէառնընդառաջը` Տօն քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի ի Տաճարն:  surbzoravor.am-ը կը գրէ, որ այսօր  երեկոյեան ժամերգութիւնը կը տարբերի միւս օրերու ժամերգութիւններէն: Այսօր երեկոյեան Տէառնընդառաջի նախատօնակը կը կատարուի, կարծես Լոյսի տօնախմբութիւն ըլլայ:

Ճշմարիտ Լոյսի` Քրիստոսի մասին վկայեց Սիմէոն ծերունին, երբ քառասունօրեայ Մանուկը գրկած Աստուծմէ գոհացաւ` ըսելով, որ իր աչքերը տեսան Փրկիչը, որ որպէս լոյս պիտի լուսաւորէ հեթանոսները եւ պիտի ըլլայ փառքը Իսրայէլի ժողովուրդին: «Ճշմարիտ Լոյսը, աշխարհ գալով, կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը» (Յովհաննէս 1:9) եւ այդ ճշմարիտ Լոյսի մեծ ցանկութիւնն է, որ բոլորը Իր Լոյսը ընդունելով, կը դառնան աշխարհի լոյսը` ազատուելով մեղքի խաւարէն:

Կ՛երգուի «Լոյս զուարթ» շարականը, հոգեւորականները եւ ժամերգութեան իւրաքանչիւր մասնակից իրենց ձեռքին ունին օրհնուած մոմեր: Նախատօնակին բոլորը կ՛ունկնդրեն քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճարին ընծայուելու աւետարանական պատմութիւնը: Ապա Անդաստանի արարողութեամբ կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը` խորհրդանշելով ձմրան աւարտը եւ գարնան սկիզբը: Բնութեան հետ միասին այն կարծես մարդոց սրտերը վերանորոգութեան կը հրաւիրէ ապաշխարութեան միջոցով:

Լոյսի այդ տօնախմբութեան իւրաքանչիւր մասնակից բաժնեկից կը դառնայ այդ Լոյսին, որպէսզի անով լուսաւորէ նաեւ իր տօնը:

Տէառնընդառաջի խարոյկը

Հնաւանդ սովորութեան համաձայն` եկեղեցիներուն բակի մէջ կրակ կը վառէին: Խարոյկ վառելը եւ անոր շուրջ պտտիլը կամ վրայէն թռչելը ծիսական որեւէ նշանակութիւն չունի, այլ ժողովրդական աւանդոյթներէն է:

Դեռ հին հեթանոս շատ ժողովուրդներ իրենց կրօններուն մէջ կրակի պաշտամունքին մեծ տեղ յատկացուցած են` վերագրելով անոր մաքրող եւ սրբագործող զօրութիւն:

Փետրուար 13-ին եկեղեցւոյ բակին մէջ վառած խարոյկէն, իրենց խարոյկները կը վառեն շատերը, որուն վրայէն կը թռչին նորապսակները, ապա անոնց հարազատները, հարեւանները եւ այլն: Կը համարուէր, որ կրակին վրայէն թռչելը հեռու կը պահէ հիւանդութիւններէն, անյաջողութիւններէն եւ ամէն վատ բաներէն:

Սակայն Տէառընդառաջի տօնի խարոյկը այլ իմաստ ու խորհուրդ ունի: «Տօնացոյց»-ը կը հրահանգէ գուշակութիւններ չընել` կրակին շուրջ պտտելով: Սբ. Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ կրակ վառելուն իմաստը. «Ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք: Հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կըէ մատուցէին, իսկ մենք կրակը, որպէս Քրիստոսի ծառայ, կը բերենք անոր ծառայեցնելու»: Եւ ինչպէս եբրայեցի մանուկները ծառի ոստերը Քրիստոսին ընծայեցին, նոյնպէս եւ քրիստոնեաները կրակը կ՛ընծայեն Աստուծոյ:

Իսկ ժողովուրդին սովորութիւնը, որ օրհնուած մոմեր կը բաժանեն, իմաստուն կոյսերուն իւղին խորհուրդը ունի:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Փետրուար 14-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տէառնընդառաջի տօնը, որ տարիներ առաջ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է նաեւ իբրեւ նորապսակներու օրհնութեան օր: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Պատարագէն ետք կը կատարուի նորապսակներու օրհնութեան յատուկ կարգ:








All the contents on this site are copyrighted ©.