2017-02-13 11:42:00

Լիբանան. Կրօնական յոգնակիութիւն՝ տգիտութեան դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Տաս տարիներ առաջ, Պէյրութի մէջ հիմնուած է «Ատեան» հաստատութիւնը, որուն նպատակն է յոգնակի ընկերութեան համար ապահովել քաղաքացիութեան անքակտելի իրաւունքը՝ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի մէջ։ Այժմ հաստատութիւնը կը բանայ կայքէջ մը, «Թաատուտիա» անունով, որ կը նշանակէ «յոգնակիութիւն»։ Կայքէջը կը ծաւալէ ընթերցման վրայ հիմնուած ուղեգիծ մը, որուն նպատակն է պարզեցնել միջկրօնական յարաբերութիւնները։ ''Taadudiya.com'', բնորոշուած է սկզբունքային երեք տարրերով.

- կը ներկայացնէ միջկրօնական օրացոյց մը, ուր զուգահեռ կերպով կը ներկայացուին կրօնական քսան տարբեր սովորութիւններու օրացոյցները.

- բազմազանութեան մէջ կը ներկայանայ իբր օրինակ միութեան, որ կը բովանդակէ տեղեկութիւններ կրօններու մասին, դիտուած զանազան տեսանկիւններէ, ներառեալ սրբազան ճարտարապետութիւնը.

- կը տրամադրէ տարածք մը, հաւաքելու համար զանազան կարծիքներ, ուր կը հրապարակուին յօդուածներ, որոնք կրնան իբր մեկնակէտ ծառայել կրօնական տարբերութիւններու շուրջ յարուցուած բովանդակային բանավէճերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.