2017-02-12 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 Փետրուարի կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 12 փետրուար 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ սովորութեան համաձայն աղօթքէն առաջ ներկայացուց օրուան աւետարանական ընթերցումէն քաղուած խորհրդածութիւն մը ուր կ՛ակնարկուի ''Լերան Քարոզի'' այլ հատուածի մը որուն մէջ Յիսուս կը յայտնէ թէ Ինք եկած է ոչ թէ ''Օրէնքն ու Մարգարէները ջնջելու, այլ լրացնելու զանոնք''  (Մատթէոս 5, 17-37)։ 

Յիսուս կ՛ուսուցանէ ինչպէս կատարել Աստուծոյ կամքը ''գերագոյն արդարութեան'' մը միջոցաւ որ կը գերազանցէ դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութիւնը։ Արդարութիւն մը ոգեւորուած սիրով, եղբայրսիրութեամբ ու ողորմութեամբ։

Այսօրուայ աւետարանը յատկապէս կ՛անդրադառնայ երեք երեւոյթներու մասին, ըսաւ Սրբազան Պապը, մարդասպանութիւնը, շնութիւնն ու սուտ երդումը։

Յիսուս Մի սպաներ պատուիրանի մասին խօսելով կը մատնանշէ նաեւ բոլոր այն վարքագիծերուն որոնք կը վիրաւորեն մարդ անհատի արժանապատուութիւնը, նոյնիսկ վիրաւորիչ ու անարգանքի խօսքերը ու այս ուղղութեամբ կը հրաւիրէ այս բոլորը նկատել որպէս վնասակար` որովհետեւ կը բխին ուրիշին վնաս հասցնելու իղձէն։  

Մի շնար պատուիրանի մասին խօսելով Յիսուս կը հաստատէ թէ բոլոր մեղքերը նախ քան գործադրուին, մտքի ու սրտին մէջ կը յղացուին եւ անգամ մը որ այդ սխալ ընտրանքը կը կատարուի ի գործ կը դրուին, առ այդ զգոյշ ըլլանք ու մեղքի առիթներէն հեռու մնանք։

Իսկ երրորդ պատուիրանը որուն մասին կ՛անդրադառնայ Յիսուս` սուտ երդումն  է։ Տէրը մեզ կը յորդորէ երբեք երդում չկատարել այլ ըլլալ թափանցիկ ու վստահելի, ըլլայ մեր ընտանիքներուն մէջ, ըլլայ դպրոցներուն մէջ, ըլլայ մեր հասարակութեան ներքոյ, որպէսզի անկեղծ կերպով վարուինք մէկը միւսին նկատմամբ­, առանց որ պէտքը զգանք երդում կատարելու։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ միշտ աւելիով մօտենալու Աւետարանին ու դառնալու ոչ թէ մակերեսային այլ էութեամբ կատարեալ քրիստոնեաներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ'' այս մէկը կարելի է Սուրբ Հոգւոյն շնորհքին միջոցաւ որ մեզի թոյլ կու տայ գործելու սիրով ու լիապէս կատարելու Աստուծոյ կամքը''։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա յատուկէն  ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները հուսկ անոնցմէ հրաժեշտ առաւ անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.