2017-02-11 12:20:00

Մետժուկորի Սրբավայրին համար Քահանայապետական պատգամաւորի անուանում։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 11 փետրուար 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրամանագիրով, գերապայծառ Հենրիք Հոսէր, Լեհաստանի Վսարշավիա – Փրակա թեմին առաջնորդ Արքեպիսկոպոսը անուանուեցաւ որպէս Սուրբ Աթոռի  յատուկ պատգամաւոր Մետժուկորի Սրբավայրին համար։

Գերապայծառ Հոսէրի սոյն առաքելութեան նպատակակէտն է` տեղեկութիւններ հաւաքել տեղական հովուական խնամակալութեան իրավիճակի մասին յատկապէս հայող հաւատացեալներու կարիքներուն որոնք ուխտագնացութեամբ կը հասնին Մետժուկորի սրբավայր ու այդ կարիքներու հիման վրայ որոնել եւ առաջարկել ապագայի հովուական խնամակալութեան հայող ձեռնարկներ։

Գերապայծառ Հոսէրի սոյն առաքելութիւնը, ունի հովուական բնոյթ ու անոր աւարտը նախատեսուած է յառաջիկայ ամառուայ շրջանին։ Ան պիտի շարունակէ վառել նաեւ իր Արքեպիսկոպոսի պաշտօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.