2017-02-11 08:59:00

Լուրտի Տիրամօր տօնը եւ Հիւանդի համաշխարհային օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) 11 Փետրուարին կը նշուի Լուրտի Տիրամօր տօնը ու նաեւ  Հիւանդներու Համաշխարհային 25-րդ օրը։ Օրը հաստատուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ 13 մայիս 1992-ին հրապարակած նամակով որուն մէջ երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետը կը հաստատէր թէ այս օրը ''բոլոր հաւատացեալներուն համար կ՛ուզէ հանդիսանալ աղօթքի, բաժնեկցութեան զօրեղ պահ մը ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բարիքին համար ցաւերու նուիրումի պահ, ապա կոչ բոլորին` իրենց հիւանդ եղբօր դիմագիծին մէջ տեսնելու Քրիստոսի Սուրբ դիմագիծը''։

Այս օրուան նշումին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ չորեքշաբթի 8 փետրուարի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին հրաւէր ուղղեց աղօթելու բոլոր հիւանդներուն համար ու յատկապէս անոնց համար որոնք վատ վիճակի մէջ  ու միայնակ են ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար որոնք կը զբաղին այդ հիւանդներու հոգատարութեամբ։

Հիւանդներու Համաշխարհային 25-րդ օրը այս տարի յատուկ կերպով կը նշուի Լուրտի մէջ տրուած ըլլալով որ 11 փետրուարին տօնն է նաեւ Լուրտի Տիրամօր որ 1858-ի 11 փետրուարին, Մասապիելի քարայրին առջեւ, յայտնուեցաւ Պեռնատէթ անունով աղջնակի մը։ 

Պերնատէթ Սուպիրու ծնած էր 1844-ին։ Հիւանդոտ, գրեթէ անուս, սակայն մաքուր հոգիով այջնակ մըն  էր ան, ատակ` ունկնդրելու եւ փոխանցելու՝ ''Աստուածային պատգամը''։ Երեւումներէն ետք, ան կը քաշուի վանք ու կը նուիրուի կրօնաւորական կեանքին։ Կը վախճանի 1879-ին եւ կը սրբադասուի 8 դեկտեմբեր 1933-ին՝ Անարատ Յղութեան տօնին օրը։
Լուրտի ''Երեւումներու Վաւերականութիւնը'' ստուգուեցաւ 1862-ի 18 յունուարին Վատիկանէն ուղարկուած քննիչ յանձնախումբի կողմէ։ Չորս տարիներ ետք` Լուրտի սրբավայրի տարածքին մատուցուեցաւ առաջին պատարագը եւ 1871-ին տեղի ունեցաւ ''Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ'' օծումը։ 
Լուրտի Տիրամօր տօնին եւ Հիւանդներու համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինը անուանած է որպէս իր յատուկ Պատուիրակը գլխաւորելու համար տօնակատարութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.