2017-02-10 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Փորձութեան ընթացքին դիմելու ենք աղօթքի''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Փորձութեան տկարութեան ընթացքին ամէնքս պէտք ենք ներողութիւն հայցել Տիրոջմէն ու վերականգնիլ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը որուն մէջ անդրադարձաւ Ադամ եւ Եւայի սատանայէն փորձութեան մասին հաստատելով թէ ''Սատանային հետ երկխօսութիւնը կարելի չէ''։

''Փորձութիւնները մեզ կը մղեն պահուըտելու Տիրոջմէ, մեր մեղքին ու մեր կաշառակերութեան մէջ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով սատանային  թակարդներուն. Ան քաշողական ուժ ունի, իր խորամանկութեամբ կը փորձէ խաբել մեզ, խաբէութեան մասնագէտ է, հայր է ստախօսութեան ու գիտէ ինչպէս շողոքորթել մարդիկը։ Այդ մէկը ըրաւ Եւայի հետ անոր հետ երկխօսութիւն հաստատելով ու քայլ առ քայլ զայն առաջնորդեց այնտեղ ուր ինք կ՛ուզէր։ Նոյնը ուզեց ընել նաեւ Քրիստոսի հետ, ան միշտ երկխօսութեան ճանապարհը կ՛օգտագործէ սակայն Յիսուս չ՛ինկաւ անոր թակարդին մէջ։

Սատանան խաբեբայ է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քեզի կը խոստանայ ամէն ինչ ապա քեզ մերկ կը թողու ինչպէս ըրաւ Ադամի ու Եւայի հետ։ Օձը խորամանկ է։ Ներկայ օրերուն յաճախ կը խօսուի կաշառակերութեան մասին։

Կաշառակերութիւնը կը սկսի մեղմ կերպով, փոքր բաներով, սատանային երկխօսութեան ոճով, ''շիտակ չէ որ այդ բանը վնասակար է ...կեր մի վախնար...համով է'' ու կամաց կամաց մեղքի ու կաշառակերութեան  զոհ կը դառնանք յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ ''Եկեղեցին մեզ կը խրախուսէ անմիտ չ՛ըլլալ այլ մեր աչքերը բանալ ու Տիրոջ օգնութիւնը հայցել, որովհետեւ մենք` առանձին անկարող ենք''։

''Ադամն ու Եւան պահուըտեցան Տիրոջմէ մինչայդ այս պարագաներուն Տիրոջ շնորհքի կարիքը կայ որպէսզի ներում խնդրենք ու վերականգնինք'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց` '' փորձութեան ընթացքին երկխօսութիւնը կարելի չէ, հարկաւոր է աղօթել. Տէր տկար եմ, օգնէ ինծի''։

Թող որ Տէրը մեցի պարգեւէ շնորհքը ու մեզի ընկերանայ մեր տկարութիւններուն մէջ մեզի քաջութիւն տալով վերականգնելու։ Յիսուս ասոր համար աշխարհ եկաւ։ Մեզի համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.