2017-02-09 11:16:00

''Աստուած կինը ստեղծեց որպէսզի ամէն մին մայր մը ունենայ''. Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Առանց կնոջ ներդաշնակութիւն չկայ աշխարհին մէջ''  այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այսօրուայ քարոզին առանցքը զոր արտասանեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը` քաղուած ծննդոց գիրքէն։

''Մարդն ու կինը իրարու հաւասար են սակայն կինն է որ աշխարհ բերաւ ներդաշնակութիւնը զոր աշխարհը դարձուց գեղեցիկ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց թէ ''երբ կնոջ պակասը կայ ներդաշնակութիւնը կը պակսի''։

''Կինը կը սորվեցնէ գուրգուրանք, քնքշութեամբ սիրել'', յարեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ շատ անգամ մենք կնոջ մասին կը խօսինք անդրադառնալով պարզապէս անոր ''գործնական'' էութեան մասին` ''կինը կը լուայ, տունին կը հոգայ եւայլն''...ապա նշեց թէ մարդիկը շահագործելը ոճիր է ու առ աւելի ոճիր կը նկատուի կիներու շահագործումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ապա մարդու ու կնոջ ճակատագրի վրայ` որ է ''ըլլալ մէկ մարմին'', այս առընչութեամբ պատմելով դրուագ մը, որուն մէջ նշեց թէ Ինք հանդիպած էր զոյգի մը որ կը տօնախմբեր ամուսնութեան 60 ամեակը ու անոնց հարց տուած էր` թէ երկուքի միջեւ ո՞վ աւելիով համբերութիւն ունեցած էր այս տարիներու ընթացքին­։ Այրն ու կինը իրարու նայած են ապա միասնաբար ըսած են ''սիրահարուած ենք''։ Ահա թէ ինչ ըսել է մէկ մարմին ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզի աւարտին  հաստատեց թէ ''Աստուծոյ մեծ պարգեւը եղաւ մեզի շնորհել կինը. Կինը որ է ներդաշնակութիւն, բանաստեղծութիւն, գեղեցկութիւն։ Առանց անոր աշխարհը այդքան ալ գեղեցիկ չէր ըլլար, ներդաշնակ չէր ըլլար։ Աստուած կինը ստեղծեց որպէսզի մեզմէ ամէն մին մայր մը ունենայ'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.