2017-02-08 12:11:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Մարդասիրութիւն ու համերաշխութիւն  եւ ոչ թէ ատելութիւն։ «Նախ քեզի՛, յետոյ ինծի»

Փոխյարաբերական մեր կեանքին մէջ թեթեւ փոփոխութիւն մը կը կրէ մարդասիրութեան աստուածաբանական իմաստը, վերածուելով եղբայրասիրութեան: Մարդէ մարդ յարաբերութիւնը բնականոն կոչուած եւ համերաշխութեամբ օրհնուած կ՛ըլլայ, երբ եղբայրասիրութեամբ զսպանակուած ըլլայ: Նախանձին ամէնէն զօրեղ հակառակորդը ընկերասիրութիւնն է, որ սիրոյ վերացական գաղափարը իրական կեանքի երեւոյթ կը դարձնէ: Սիրոյ մասին հազար քարոզ, իսկ կարիքի մէջ գտնուողի մը հանդէպ եղբայրասիրական մէկ արարք միայն, երկրէն մինչեւ երկինք անչափելի միջոցին հետ համեմատելի տարբերութիւն ունին:

Դրական իմաստով գործածուած ասոյթը՝ «Նախ քեզի՛, յետոյ ինծի», զարմանալիօրէն ունի նաեւ իր ժխտական նշանակութիւնը:

Առաջին անգամ լսելով  այս ասացուածքին բացասական նշանակութիւնը, մեզ կրնայ  ցնցել, քանի որ անիկա անէծքի համազօր է…

Վիճաբանող երկու անձերու միջեւ տեղի ունեցած լեզուակռիւը յանկարծ տեղ մը փոխուեր է անիծաբանութեան, անոնցմէ մէկը սկսեր է անէծք տալ միւսին, սկսելով զաւակներէն, հասնելով մինչեւ «հողեմ գլուխդ-ի» եզրափակիչ հանգրուանին: Վերջաւորութեան ո՞վ որո՞ւ գլուխը հողեց չենք գիտեր, սակայն սոյն վիճաբանութեան ականջալուր եղած անձէ մը իմացանք, որ անէծքները լսող մարդը, իւրաքանչիւր անէծք լսելէ ետք կ՛ըսէ եղեր. «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի»: Ուրեմն, անէծքը իր վրայէն վանելէ աւելի, անիծուողը նոյն անէծքով կ՛անիծէ զինք անիծողին, սակայն առանց անոր արտասանած անէծքը թութակաբար կրկնելու, այլ՝ չէզոք նախադասութեամբ մը զայն ետ հակառակորդին ղրկելով: Պատկերացուցէք թենիսի խաղ մը, ուր խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ միւսին դաշտը ղրկել գնդակը: Դաշտին մէջ լուռ հետեւողները գնդակին ստացած հարուածի ձայնէն կը գիտնան, թէ ատիկա «նախայարձա՞կ» ձայն է, թէ «պատասխան» ձայն:

Բարոյագիտական հարցումը անյապաղ կը հարցնեն մարդիկ նման կացութիւններու դիմաց գտնուելով. «Ո՞վ է յանցաւորը. անիծո՞ղը, թէ միեւնոյն անէծքը միւսին համար ալ ցանկացողը, որ կ՛ըսէ՝ նախ քեզի՛, յետոյ ինծի»: Խորքին մէջ երկուքին յանցանքն ալ ծանր է, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛անիծեն զմիմեանս: Ոմանց կարծիքով, անիծաբանութեան սկսողն է յանցաւորը, այն տրամաբանութեամբ, որ եթէ ան չսկսեր, միւսը պիտի չպատասխանէր եւ պիտի չմեղանչէր: Իսկ աւելի խոր վերլուծաբաններ կ՛ըսեն, թէ պատասխանողը աւելի՛ ծանր յանցանք կը գործէ, երբ կ՛ըսէ. «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի», որովհետեւ կրնար քրիստոնէական բարոյագիտութեան ընդունած օրէնքով, ներողամտութիւն ի գործ դնել եւ աւարտել խնդիրը ու հաշտութիւն գոյացնել:

Երկրորդ, միեւնոյն անէծքը երբ անիծողին կը վերադարձուի եւ գործադրութեան նախապատուութիւն մը կը ճշդուի, զայն վերադարձնողին միտքին մէջ տուեալ անէծքը կը բազմապատկուի, չենք գիտեր քանի՜ անգամով…

Ոխն ու ատելութիւնը, բարկութիւնն ու զայրոյթը «կը կերակրուին» ու «կ՛ուռճանան», երբ իր զաւակներուն կամ նոյնինքն իր անձի կորուստին մասին անէծք կը լսեն մարդիկ, այդ պահուն մտածելով անիծուող իրենց սիրելիներուն մասին, եւ իբրեւ ուժեղ վրէժխնդրութիւն՝ կը հակադարձեն անիծողին, միեւնոյն անէծքը յղելով անոր հասցէին:

Մարդասիրական կամ եղբայրասիրական իր իմաստէն տարբեր, այս «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի» ասոյթը ուրեմն, ունի անիծաբանական դարձուածք մըն ալ, որ եկածը ո՛չ միայն ետ կ՛ուղարկէ, այլեւ նախապատուութիւնը կու տայ ղրկող կողմին…

Իսկ ի՞նչ կը մնայ ըսելիք քրիստոնէական կրօնին, երբ «Աչքի դէմ աչք, եւ ատամի դէմ ատամ» նախկին օրէնքին նմանողութեամբ, գուցէ եւ աւելի դաժան մօտեցումով մեզ անիծողին պիտի ըսենք. «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի»:

Քրիստոնէութիւնը սիրոյ եւ մանաւանդ ներողամտութեան կրօն է: Սէրը միշտ յաղթական է եւ յառաջամարտիկ, եթէ կարելի ըլլայ անոր տուած խորհուրդները չմերժել կամ գէթ լսել: Անէծքը, ընդհանրապէս, օդին մէջ արձակուած պայթիւնի ձայնէն ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունի: Ի՞նչ արդիւնք կրնայ տալ այն փամփուշտը, որ միայն ձայն կը հանէ, իր մէջ չունենալով դէպի թիրախ ուղղուող կապարը: Անիկա թերեւս միայն վախցնէ դիմացինը, այն ալ՝ վայրկեանի մը համար: Յետո՞յ: Յետոյ՝ ոչինչ: «Նախ քեզի՛, յետոյ՝ ինծի» ասոյթին նման, անէծքն ալ անմիաստ բառաչ է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.