2017-02-08 09:25:00

Գերապայծառ Աուզայի Մակի մէջ ելոյթը ''աղքատութեան եւ կայուն զարգացումի մասին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ  Պեռնարտիթօ Աուզա, առաքելական նուիրակ եւ ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի դէտ, ՄԱԿի Ընկերային Զարգացման Խորհուրդի 55րդ նիստին առիթով, Նիւ Եորքի Ապակեայ Դահլիճին մէջ ելոյթ ունեցած է։

Նկատի առնելով նիստի տիտղոսը՝ «Աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու եւ բոլորին ի նպաստ կայուն զարգացումի հասնելու ռազմավարութիւններ», Արքեպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ շեշտած է, թէ «Աղքատութիւնը չի կրնար դիմագրաւուիլ բացառապէս տնտեսական հանգամանքներով, այլ անոր բոլոր ընկերային տարածքներով, իւրաքանչիւր մարդ էակի երաշխաւորելու` արժանավայել կերպով եւ առողջ շրջապատի մը մէջ ինքզինք իրականացնէ։»

Տակաւին աղքատութեան ջնջումի եւ խաղաղութեան չենք հասած, սակայն յարատեւ կերպով աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ, ըսած է Գերապայծառ Աուզա։

Աղքատութեան ջնջումը եւ խաղաղութեան հաստատումը համաշխարհային մեծագոյն մարտահրաւէրներն են, եւ, ինչպէս ըսած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, խաղաղութեան գործունեայ առաքինութիւն ձեռք բերելու միակ ճանապարհն է իւրաքանչիւր անհատի եւ ընկերութեան ուժերու միացումը. նպատակն է միաժամանակ հասնիլ քաղաքացիական յառաջդիմութեան եւ տնտեսական զարգացման։ Աշխարհի մէջ կը շարունակուի ընկերային անհաւասարութիւնը։ Շատ մը մարդոց համար խաղաղութիւնը կը նկատուի իբր ձեռք բերուած իրաւունք, մինչ ուրիշ շատերու համար, ան հեռու երազ մըն է միայն։

Միլիոնաւորներ օր ըստ օրէ կʼապրին հակամարտութիւններու մէջ՝ սնած անիմաստ բռնութեամբ, ատելութեամբ եւ վախով։ Սակայն նաեւ վայրեր, որոնք ժամանակին նկատուած էին ապահով, ներկայիս պատեհութիւններու բացակայութեան եւ ընկերային աճող լարուածութեան պատճառաւ վերածուած են անապահով վայրերու։

Եթէ կʼուզենք արմատախիլ ընել աղքատութիւնը եւ ձեռք բերել մնայուն խաղաղութիւն մը, պէտք է կամքն ունենաք վերջ դնելու բուռն հակամարտութիւններու, պարտադրուած գաղթականութեան հիմնական պատճառներուն, եւ ժողովուրդներու զանգուածային տեղափոխումներու։

Կարիքը կայ շօշափելի քաղաքականութիւններու եւ ներդրումներու, զ.օ. երիտասարդներուն ընձեռել դաստիարակութիւն, աշխատանք եւ պատեհութիւն, որ առիթ ունենան ընկերութեան տալու խաղաղութեան կերտումի նշանակալից նպաստ մը, որպէսզի չիյնան ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու մէջ - ըսած է Արքեպիսկոպոս Աուզա իր ելոյթին մէջ, որուն աւարտին ընդգծած է ընտանիքի, ծերերու եւ գաղթականներու պահպանութեան կարեւորութիւնը։ Ծերերը իրենց նպաստը բերած են տնտեսական հարստութեան եւ իրենց փորձառութեամբ եւ իմացութեամբ կը շարունակեն արտադրել ընկերային հարստութիւններ - ըսած է Ան - էական նկատելով ընտանիքի դերը, եւ անդրադառնալով գաղթականութեան խնդրին, ապա հաստատած է թէ ''բոլորին համար ձեռք բերուած կայուն զարգացում մը պէտք է  ընդգրկէ նաեւ գաղթականները, տեղահանուածները եւ փախստականները''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.