2017-02-07 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2017-ի քառասնորդացի պատգամը` ''ուրիշը ընդունիլ որպէս պարգեւ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, փետրուար 7ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2017-ի քառասնորդացի պատգամը որուն խորհրդածութիւններու առանցքը կը կազմեն երկու սկզբունք՝ Աստուծոյ Խօսքը որպէս պարգեւ եւ «ուրիշը» ընդունիլ իբր պարգեւ։ Նորին Սրբութիւնը հրաւէր կ՛ուղղէ ձերբազատուելու դրամի ստրկութենէն որ կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնն ու սէրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախ կը յիշեցնէ, թէ «Քառասնորդաց շրջանը նոր սկիզբ մըն է, նոր ճանապարհ մը, որ կը տանի դէպի ապահով նպատակակէտի մը՝ դէպի Յարութեան Զատիկ, Քրիստոսի յաղթանակը՝ մահուան վրայ։»

Քառասնորդացը մեզ կը յորդորէ, թէ քրիստոնեան պէտք է «դառնայ Տիրոջ` ամբողջ սրտով» (Յովել Բ. 12)։ Տէրը համբերութեամբ կը սպասէ մեզի, մեր դարձին, եւ այդ սպասումին մէջ մեզի կը յայտնէ իր ներելու կամքը։ Քառասնորդացը լաւագոյն ժամանակն է աշխուժացնելու հոգւոյն կեանքը այն միջոցներով, որոնք Եկեղեցին մեզի կ՛ընձեռէ՝ պահք, աղօթք եւ ողորմութիւն տալ։ Այս բոլորին հիմն է Աստուծոյ Խօսքը, որուն այս շրջանին յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք։

Ուիրշը որպէս պարգեւ

Սրբազան Հայրը իր պատգամին իբր հիմ կʼառնէ աղքատ Ղազարոսին առակը (Ղուկ ԺԶ. 19-31), մեկնաբանելով զայն երեք կէտերու մէջ։ Նախ, ան կը նկատէ, թէ առակին մէջ Յիսուս անուն մը կու տայ աղքատին, սակայն մեծատունը կը մնայ անանուն։ Մինչ աղքատը հարուստին համար կը մնայ անտեսանելի, մեզի համար ան տեսանելի, մտերմիկ ներկայութեան մը կը վերածուի, եւ իբր այդպիսի պարգեւ մըն է, անգնահատելի հարստութիւն մը, էակ մը որ սիրուած է Աստուծոյ կողմէ եւ ոչ մոռացուած։ Ղազարոսի կերպարը մեզի կ՛ուսուցանէ, թէ «ուրիշը» պարգեւ մըն է։ Ասոր համար առակը մեզ կը հրաւիրէ որ բանանք մեր սիրտը «ուրիշին», որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ պարգեւ մըն է, ըլլա՛յ ան մեր ընկերը եւ կամ անծանօթ աղքատը։ Քառասնորդացը առիթն է, որ բանանք դուռը իւրաքանչիւր կարիքաւորի եւ ճանչնանք զայն իբր Քրիստոսի պատկերը։

Մեղքը կը կուրացնէ

Սրբազան Պապը պատգամի երկրորդ մասին մէջ կը նկատէ, թէ մեղքը կը կուրացնէ մեզ։ Առակին մէջ երեւան կու գայ, թէ հարուստը կը գտնուի հակասութիւններու մէջ։ Նախ՝ ան յանուանէ չի յիշուիր, այլ որակաւորուած է միայն իբր «հարուստ»։ Անոր հարստութիւնը ծայրայեղ է, եւ ցուցադրուած ամէն օր, ինչպէս կը յիշէ Աւետարանը՝ թէ ամէն օր խնճոյք կը սարքէր։ Պօղոս Առաքեալ կʼըսէ՝ «դրամասիրութիւնը բոլոր չարիքներուն արմատն է» (Ա. Տիմ Զ. 10)։ Փոխանակ դրամը մեզի ծառայելու, կը վերածուի տիրապետող բռնակալի մը։ Առակը մեզի ցոյց կու տայ, թէ հարուստին ագահութիւնը զինք կʼընէ ունայնամիտ։ Անոր անհատականութիւնը միայն արտաքինին մէջ է, ցուցադրութեան մէջ։ Այդ երեւոյթը կը դիմակաւորէ ներքին դատարկը։ Այս կեցուածը կʼառաջնորդէ հարուստը ամբարտաւանութեան. ինչպէս կը յիշէ առակը՝ ան թագաւորի նման կը հագուէր։

Աւետարանի դիրքը դրամի նկատմամբ յստակ է՝ «Ոչ ոք կրնայ երկու տէրերու ծառայել, որովհետեւ կամ պիտի ատէ մէկը եւ պիտի սիրէ միւսը, եւ կամ պիտի գուրգուրայ մէկուն վրայ եւ արհամարհէ միւսը։ Չէք կրնար ծառայել թէ՛ Տիրոջ եւ թէ՛ մամոնային» (Մտթ Զ. 24)։

Աստուծոյ խօսքը որպէս պարգեւ

Երրորդ կէտի մը մէջ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ աղքատ Ղազարոսի առակը եւ կʼաւելցնէ՝ «Առակին մէջ կը բացայայտուի հարուստին իսկական խնդիրը. անոր չարիքին արմատն է՝ Աստուծոյ Խօսքը չունկնդրել, անոր միտ չդնել։ Այս պարագան, հարուստը հասցուցած էր այն աստիճանի, որ ան այլեւս Աստուած չէր սիրեր, հետեւաբար կ՛արհամարհէր նաեւ ընկերը։ Աստուծոյ խօսքը կենդանի ուժ մըն է, կարող՝ մարդու սիրտը առաջնորդելու դարձի եւ զայն կրկին ուղղելու դէպի Աստուած։ Փակելով սիրտը Աստուծոյ Խօսքի պարգեւին դիմաց՝ զայն պիտի փակենք նաեւ եղբօր դիմաց, որ նոյնպէս պարգեւ մըն է։»

Քառասնորդացի իմաստը

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը մաղթէ, որ «Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեզ, կատարելու դարձի իսկական երթ մը, վերագտնելու Աստուծոյ Խօսքը իբր պարգեւ, մաքրուելու մեղքէն, որ մեզ կը կուրացնէ, եւ ծառայել Քրիստոսի, որ ներկայ է կարիքաւոր եղբայրներուն մէջ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.