2017-02-07 12:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 փետրուարի քարոզը ՝ ''Ստեղծագործութեան երեք պարգեւները''


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 7 փետրուարին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին   Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  ներկայացուցած խորհրդածութեան առանցքը եղաւ  Աստուծոյ՝ մարդուն շնորհած ստեղծագործութեան երեք պարգեւները. մարդը՝ արու եւ կին ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն,  մարդը՝ երկրին տէրը,  ապա սէրը։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Մարդ արարածին,  որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Մարդ  արարածը ՝ տգեղ կամ գեղեցիկ` կը նմանի իր հօր՝  Աստուծոյ, որոհեւտեւ  ստացած է  Աստուծոյ ինքնութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Աստուծոյ շնորհած ստեղծագործութեան երկրորդ պարգեւին` որ է պարտականութիւնը տիրանալու երկրին։

Այնպէս ինչպէս Աստուած ստեղծագործութեան համար գործեց, մարդուն  նաեւ տուաւ աշխատանքի պարտականութիւնը, ստեղծագործութիւնը յառաջ տանիլ, զարգացնել, պահպանել եւ խնամել։ Մարդը արդարեւ արարչութեան տէրն է ու կանչուած է զայն պահպանելու ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ երրորդ պարգեւի  մասին  որ է սէրը։

Աստուած, մարդը ստեծեց արու եւ էգ, որովհետեւ լաւ չէր որ մարդը մինակ մնար։  Ասոր համար ստեղծեց անոր կողակիցը։  Աստուած որ Սէր է­,  մարդուն կը շնորհէ սէր ու  առաջին երկխօսութիւնը մարդուն ու կնոջ միջեւ հաւանական է որ եղաւ ''սիրոյ երկխօսութիւնը''  յարեց Սրբազան Պապը ու քարոզը աւարտեց  հրաւիրելով ''Շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ մեզի շնորհած  երեք պարգեւներուն համար` ինքնութիւն, պարտականութիւնը ու սէր։

 Տիրոջմէ հայցենք շնորհքը՝ պահպանելու այդ ինքնութիւնը,  յանձնառումով գործելու աշխարհին տէր դառնալու  մեզի շնորհած պարգեւին համար ապա ամէն օր առ աւելիով սիրել սորվելու։  Յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.