2017-02-07 09:59:00

Բարի Հովիւներ Ըլլանք


« Տէրն է իմ հովիւը. Եւ ուրիշին կարօտ չեմ ունենար»: Այս խօսքվերով արտահայտեց Դավիթ մարգարէն անսահման վստահութիւնը իր Աստուծոյ հանդէպ: ( Սաղմոս 23՝1-6).

Քրիստոնեայ հովիւները կը ծառայեն իրենց յոժար կամքով ու աշխուժութեամբ, կ՝օգնեն միւսները հովիւ դառնալու, կ՝այցելեն եւ կը հոգան հիւանդներուն եւ ամէն ժամ պատրաստ են օգնելու իրենց քրիստոնեայ  եղբայրները:Յիսուս բարի հովիւ մըն է որ մեզի կը սորվեցնէ ընթանալ երանութիւններու ճամբուն վրայ: Իւրաքանչիւրս, այս կամ այն կերպով, հովիւ մըն է :

Ծնողները հովիւներ  են զաւակներուն, ուսուցիչները՝ աշակերտներուն, քահանան՝ ծուխերուն: Ամէնքս ալ կանչուած ենք հովիւներ դառնալու, որովհետեւ պատասխանատու ենք մէկը միւսին: Բացակայութիւնը բարի հովիւներու պատճառն է աշխարհի շփոթութեան :

Հովիւ ըլլալ կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ անձերու հանդէպ, բոլոր պարագաներուն:

Շատ կարեւոր է ճշդել իմաստը « հովիւ ըլլալու  » գաղափարին, հասկնալ յանձնառումը՝ զոր այս իրականութիւնը կը պահանջէ, գտնել պատասխանարութիւնը՝ զոր ունինք, իւրաքանչիւրս, ինչ որ ալ ըլլայ մեր տարիքը կամ պաշտօնը: Ամէնքս ալ հրաւիրուածենք հաւատարմութեան ու յանձնառումին, նոյնիսկ երբ այդ ըլլայ պարզապէս բարեկամներու միջեւ: Բարեկամը կը զգայ եթէ իր բարեկամը յանձնառու է: Սուտ բարեկամներ կան որոնք կը մօտենան մեզի խնդալու համար եւ ոչ թէ ամոքելու մեր ցաւը:Յիսուս գործածեց բարի հովիւին պատկերը:

«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի , ես եմ ոչխարներուն դուռը Անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գողեր էին եւ աւազակներ ոչխարները մտիկ չըրին անոնց: Ես եմ դուռը, եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս, պիտի փրկուի. Պիտի մտնէ, պիտի ելլէ եւ սնունդ պիտի գտնէ: (Յովհ.Ժ. 7-15) Եթէ հովիւը չի ճանչնար հօտը, կու տայ անոր կերակուր մը զոր կը փսխէ ու կը դառձնէ : Հօտը ստանալու է այն սնունդը՝ որուն կը կարօտի աճելու համար, եւ իրեն հրապուրելու հոգին: Ան կարիքն ունի մէկու մը որ ուշադիր ըլլայ իր ներքին կարիքներուն: ճանչնալու համար հօտին պետքերը, հարկ է անոր մօտ ըլլալ, հետը ապրիլ, զինքը լսել ու հասկնալ . Սիրել հօտը կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ զոհելու մեր հռչակն ու անձը եթէ պահանջուի մեզմէ :

Հօտը շուտով կը զգայ եթէ մէկը իրապէս կը զոհուի իրեն համար : Բարի հովիւը միշտ պատրաստ է զիրենք ընդունելու, միշտ բաց, որովհետեւ կը տառապի ոչխարներուն համար ու միշտ պատրաստ է զոհելու իր կեանքը իրեն համար :

Շատ մը ծնողներ կամ ուսուցիչներ չեն հոգար իրենց ոչխարներուն այլ զիրենք կը լքեն: Բարի հովիւը զանազանութիւն չի դներ իր ոչխարներուն մէջ այլ ան կը յանձնառէ բոլորը միեւնոյն: Ան կը  յարգէ ոչխարներուն ազատութիւնը, որպէսզի գտնեն իրենց խառնուածքը,իրենց ստեղծագործ հոգին որպէսզի յանձնառու դառնան:Հովիւը պէտք է ըլլայ շարունակ ստեղծագործ մը: Այս է իր յանձնառումը հօտին հանդէպ: Երբ կը սիրենք կը ստեղծենք ու կը վերաստեղծենք:Այս է իսկական արտակարց դերը հովիւին, մտիկ ընէ՝ ոչխարներուն առանց վախի, հասկնա՝ անոնց լեզուն, տալ  իւրաքանչիւրին կարիքներուն համաձայն . կարեկցիլ երբ անոնցմէ մէկը վիրաւորուի. փնտռել   կորսուածը ետ դարձնելու զայն:Կարելի չէ իրականացնել այս բաները  առանց յոգնութեան եւ մանաւանդ առանց Ս. Հոգւոյն շնորհքներուն:Աստուծոյ հոգին մեր մէջ կը  բնակի եւ կը փոխէ մեր էութիւնը, որպէսզի դառնանք բարի հովիւներ, պատրաստ՝ զովելու համար մեր կեանքը եկեղեցւոյ հօտին համար:

Յիսուս միայն՝ կարող է մեզ բժշկել մեր  եսասիրութենէն ինչպէս նաեւ կու  տայ մեզի ուժը, սէրը, համբերութիւնն ու քաղցրութիւնը, հասկացողութիւնն վիրաւոր անձերը մտիկ ընելու կարողութիւնը: Այն ատեն Յիսուս  ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կրնայ ըսել: « Իմ ժողովուրդս էք, ձեզ կը սիրեմ, ու յանձնառու եմ ձեզի նկատմամբ»:     

 








All the contents on this site are copyrighted ©.