2017-02-06 10:17:00

Ղպտի եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը Ս Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 6 փետրուար 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց եգիպտոսի  Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, գլխաւորութեամբ Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Իպրահիմ Իսահակ Սեդրաքին, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նախ քան Եգիպտացի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի Ուաշինկթընի թեմին երբեմնի առաջնորդ` Կարդինալ Թեոտոր Էտկար Մաք`քարրիքը։

Եգիպտոսի քրիստոնեաները ''Ղպտի'' կոչուեցան արշաւող արաբներու կողմէ եւ տակաւին նոյն անունը կը կրեն մինչեւ այսօր: Հին եւ նշանաւոր Եգիպտական Եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռը Աղեքսանդրիա կը գտնուէր եւ անոր իշխանութիւնը կը տարածուէր մինչեւ Եթովպիա:

Եգիպտոսի բնակչութեան թիւը կը գերազանցէ 88 միլիոնը որուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը պատկանի Մահմետական կրօնքին, մինչ Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հաւատացեալներու թիւը կը կազմէ բնակչութեան 10 առ հարիւրը ու Կաթողիկէները` ըստ 2013-ի տուեալներուն, կը կազմեն բնակչութեան 0,28 առ հարիւրը։

Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցին կը համախմբէ Եգիպտոսի կաթողիկէներու մեծամասնութիւնը։  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն նաեւ Լատին, Հայ, Մարոնիթ, Ասորի Կաթողիկէ ու Քաղդէացի եւ Յոյն Մելքիթներու հաւատացեալներ։ 1969-ի վեր վերոնշեալ եկեղեցիներու եպիսկոպոսները ու Եգիպտոսի մէջ գործող Միաբանութիւններու մեծաւորները համախմբուած են ''Եգիպտոսի Կաթողիկէ նուիրապետութեան Ժողովի'' անուան տակ ու մաս կը կազմեն նաեւ Ափրիկէի ու Մատակասքարի Եպիսկոպոսներու համախմբումին։

Եգիպտոսի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Մարկոս Աւետարանիչի քարոզութեամբ` որ ապա նահատակուեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ 63 թուականին։

Աղեքսանդրիոյ մէջ 190 թուականին հիմնուեցաւ նաեւ քրիստոնէականի ամենակարեւոր դպրոցներէն մին որ ունեցաւ կարեւոր ու բազմավաստակ ուսուցիչներ։

Ե դարուն Քաղկեդոնի  տիեզերական ժողովի աւարտին (451) Ղպտի Եկեղեցին, ի շառս այլ արեւելեան եկեղեցիներու, բաժնուեցաւ Լատին Եկեղեցիէն։

Արաբներու ու մահմետականներու  յաջորդական հալածանքները  պատճառ դարձան քրիստոնեայ հաւատացեալներու թիւի նուազեցումին ու Եգիպտոսի քրիստոնեաները կորսնցնելով իրենց իշխանութիւնը, դարերու ընթացքին դարձան փոքրամասնութիւն։

Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերածնունդը սկիզբ առաւ ԺԷ. դարուն Վեղարաւոր եւ ֆրանչիսքեան  լատին միսիոնարներու քարոզութեամբ։  1824-ին Սուրբ Աթոռը հիմնեց Ղպտի Կաթողիկէներու Պատրիարքութիւնը ու Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը` 1895-ին վաւերացուց զայն ''Քրիստի Տոմինի'' առաքելական վաւերաթուղթով, առաքելական կառավարիչի աթոռը դարձնելով  Պատրիարքական  աթոռ։

Սուրբ Աթոռի եւ Եգիպտոսի հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 23 օգոստոս 1947-ին ու 1966էն սկսեալ Եգիպտոսի մէջ կը գործէ նաեւ առաքելական մէկ նուիրակութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.