2017-02-06 10:53:00

Երանելի կը հռչակուի Ճափոնցի աշխարհական Ճուսթօ Թաքայամա Ուքոն


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 7 փետրուար, 2017-ին­ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ 1615-ին,  մարտիրոսութեամբ իր մահկանացուն կնքող Ճափոնցի աշխարհական հաւատացեալ .եղբայր Ճուսթօ Թաքայամա Ուքոնի երանացման արարողութիւնը,  զոր կը գլխաւորէ,  յանուն  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին. սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն։

Ճափոնցի  աշխարհական  Ճուսթօ թաքայամա Ուքոն, ծնած է Օսաքա քաղաքին մէջ  ՝՝Սավա՝՝ անուան  բերդի  սեփականատէր, արքունական պալատին անդամ  Թաքայմա Թոմօթերհու  կոչուող  ընտանիքի մը յարկին տակ։

Ճուսթօ Թաքայաման, 12 տարեկանին, իր հօր դարձի գալու բերումով ինք եւս կը ստանայ  մկրտութեան խորհուրդը  ու կ՛անուանուի Ճուսթօ։

Շնորհիւ հօր  եւ զաւկին քաղաքական յանձնառութեան, 1580 թուականին   իրենց  տիրապետութեան տակ կ՝առնեն  Թաքաթսուքի մարզը  եւ  դարձի կը բերեն քաղաքի  բնակիչները  ։

Ժամանակի ընթացքին , 1614-ին, երբ  քրիստոնէութիւնը Ճափոնի մէջ կ՝արգիլուի եւ քրիստոնեաները հալածանքի կ՝ենթարկուին եղբայր Ճուսթօ` կ՛աքսորուի Մանիլա քաղաք իր  հետ տանելով 300 քրիստոնեաներ,  ուր ջերմ ընդունելութիւն կը գտնեն   Սպանացի Յիսուսեաններուն կողմէ։ 

Նոյն վայրին մէջ Սպանացի խումբ մը կաթողիկէներ,  Եղբայր Ճուսթոյին  կ՝առաջարկեն Սպանացիներու զօրակցութիւնը խնդրել՝ տապալելու համար Ճափոնի կառավարութիւնը։ Սակայն եղբայր  Ճուսթօ կը մերժէ սոյն առաջարկը։

4 փետրուար 1615-ին,  Փիլիպինեան կղզի  հասնելէ  40 օր ետք, Եղբայր Ճուսթօ  իր մահկանացուն կը  կնքէ ու անոր թաղման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ մեծ շուքով։ Նշենք,  թէ  մեր օրերուն,  Մանիլա քաղաքի Փլազա Տիլաօ հրապարակին վրայ զետեղուած է եղբայր Ճուսթոյին արձանը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.