2017-02-03 10:59:00

Կարինալ Փարոլին աւարտեց Մատակասքարի այցելութիւնը եւ հասաւ Քոնկոյի հանրապետութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս.  Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, հինգշաբթի, 2 փետրուարին, հասաւ Քոնկօ, ուր  միջազզային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ երկրին վարչապետին կողմէ ։

Ծիրանաւորին Քոնկօ այցելութեան նպատակն է նշել Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 40 ամեակը,  որուն առթիւ Ծիրանաւորը Մատասկաքրի Սանթա Աննա տաճարին մէջ   պիտի մատուցանէ գոհաբանական սուրբ Պատարագ, ներկայութեամբ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Տենիս Սասսուս Նկուեսսօ։  Կարդինալ Փարոլին ապա  պիտի այցելէ մայրաքաղաքին  կարգ մը բարեսիրական հաստատութիւններ։

Նշենք, թէ Կարդինալ Փարոլին Քոնկօ հասաւ Մատակասքարի տուած այցելութենէն ետք, ուր՝  իր մասնակցութիւնը բերաւ Մատակասքարի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 50 ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն։ Մատակասաքրի մէջ կարդինալ Փարոլին այցելեց նաեւ մայրաքաղաքին արուարձանները գտնուող Հայր  Փետրօ Օփեքա անուան մարդասիրական կեդրոնատեղին, որուն մէջ հիւրընկալուած են աւելի քան 25 հազար աղքատներ ու կարիքաւորներ։

Երգերու եւ պարերու կատարողութեամբ կեդրոնատեղիին մանուկները ուզեցին  իրենց գուրգուրանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնել Ֆրանչիսկոս Արբազան Քահանայապետին նկատմամբ։  Այցելութեան աւարտին կեդրոնատեղիին հիւրերը  Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ հրաւէր ուղղեցին՝  այցելելու Մատակասքար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.