2017-02-03 10:30:00

Ափրիկեցի մանուկներուն նուէրը երկրաշարժէն տուժած իտալացի մանուկներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղար` գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի Ոստիկանապետ Տիար Տոմենիքօ Ճանիի եւ իտալացի յայտնի երգիչ Քլաուտիօ Պալիոնիիի, այցելութիւն տուին Իտալիոյ Կեդրոնական շրջանի մէջ գտնուող եւ երկրաշարժի թիրախ դարձած Նորչիա գիւղաքաղաքին ուր` երկրաշարժէն վնասուած մէկ դպրոցին յանձնեցին Կեդրոնական Ափրիկէի մանուկներուն,  իրենց տարեկիցներուն համար հանգանակած 7 հազար Եւրօ։

Վերոյիշեալ պատուիրակութեան անդամակցեցաւ  Սփոլեթօ-Նորչիա Թեմին արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտօ ու միասնաբար հանդիպում ունեցան Նորչիայի Մանկապարտէզի տնօրէն` Տիկ Ռոսսելլա Թոնթիի եւ մանկապարտէզի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.