2017-02-03 08:11:00

3 Փետրուարին տօնն է Սուրբ Վլաս Հայրապետին` ըստ լատինաց


(Ռատիօ Վատիկան) 3 փետրուարին Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Վլաս Հայրապետին Տօնը որ Հռոմէացիներուն համար յատուկ աւանդութիւն դարձած է։ Անոնք այդ օր կը խուժեն Հռոմի Հռոմի Սուրբ Վլաս անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցի` ուր օրուան ընթացքին կը մատուցուին պատարագներ կը բաշխուի օրհնուած հաց ու տեղի կ՛ունենայ կոկորդի օրհնութիւն։

Սուրբ Վլաս Հայրապետ եղած էր Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս։ Ան իր փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան ուսումնասիրութիւնը դրաւ ի սպաս  քրիստոնէական դատին։
Վլաս ուզեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ բարեպաշտական կեանքի, եւ երբ մտադիր էր առանձնական ճգնողութեան նուիրուելու, Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը կը վախճանի եւ ժողովուրդը զինք կ՛ընտրեն Անոր յաջորդը։
Վլաս իր ժողովուրդը կ՝առաջնորդէր ու կը դաստիարակէր որքան իր խօսքով նոյնքան եւ աւելի իր բարի օրինակով։
Հալածանքներու սաստկութեան միջոցին  Վլաս յանձնարարեց հաւատացեալներուն, որ  քաշուին լեռները։ Նոյնը ըրաւ նաեւ ինք, քաշուելով Արգէոս Լեռը (Էրճիաս տաղը) ուր սակայն հալածիչ կուսակալի զինուորները զինք կը գտնեն եւ քաղաք կը բերին։
Հազիւ Սեբաստիա մտած էր երբ ''մայր մը'' լալահառաչ կ՛իյնայ անոր ոտքերուն, խնդրելով իր նոր մեռած զաւկին վերակենդանութիւնը։ Գթալով մօր արցունքներուն, սուրբը ներկաներուն առջեւ աչքերը վեր կը բարձրացնէ եւ կ՛ աղօթէ. ''Լսէ՝ Հայր գթութեանց եւ Աստուած ամենայն մխիթարութեանց, ծառայիդ աղօթքին եւ վերադարձուր այս մանկան կեանքը, որպէսզի ամէնքը ճանչնան թէ դուն ես կեանքի եւ մահուան Տէրը՝՝։
Հազիւ աղօթքը կը վերջացնէ, մանուկը կը վերակենդանանայ իր մօր գրկին մէջ։ Մանուկը մահացած էր` կոկորդը ձկան փուշ մը խրած ըլլալուն համար։ Ասոր համար է որ բազմաթիւ հաւատացեալներ կը հայցեն Սուրբին բարեխօսութիւնը  կոկորդի հիւանդութեանց համար։

Սեբաստիա ժամանելէն ետք` Կուսակալը կը հրամայէ սուրբին որ զոհէ ''Անմահ աստուածներուն''։
-Անմահ աստուածներո՞ւն, կը բացագանչէ սուրբը. Ի՞նչ անուն է որ կու տաք դուք դեւերուն, որոնք ձեզի վնաս հասցնելէ զատ ոչինչ կրնան ընել։ Գիտցէք որ ''մէկ Անմահ Աստուած կայ, Ամենակալ եւ Յաւիտենական'' ես Այդ է որ կը պաշտեմ։
Կուսակալը այս պատասխանէն զայրացած կը հրամայէ ձաղկել Վլասը այնքան անգութ եւ այնքան բրտօրէն, որ ոչ ոք կը  խորհէր թէ ոեւէ մէկը կրնար  ողջ մնալ այդ ձաղկանքէն ետք։
Սակայն երջանկութիւնը որ կը ճառագայթէր  Սուրբին  դէմքէն բոլորին հասկնալ տուաւ որ ''Գերբնական ոյժ մը'' կը հզօրացնէր զինք։
Կուսակալը կը հրամայէ բանտ նետել Վլասը եւ չարչարանքները կը շարունակուին նաեւ բանտին մէջ ու հրապարակաւ։ Ի վերջոյ կուսակալը կը հրամայէ անոր գլխատումը։ 

Ս. Վլաս,  ամենէն ժողովրդական սուրբերէն մին եղած է Միջին դարուն։ Ս. Վլասի տօնը Յոյները կը յիշատակեն 11 փետրուարին, Լատինները՝ 3 փետրուարին իսկ հայ եկեղեցին՝ Ութօրէքի կամ Վարդավառի յաջորդող առաջին սրբոց օրը, նայած թէ Զատիկը ուշ թէ կանուխ կու գայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.