2017-02-02 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2017-ի Փետրուար ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը Տիեզերական է։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու բոլոր անոնց համար որոնք տառապանքի մէջ են, յատկապէս աղքատներուն, գաղթականներուն ու աքսորեալներուն համար, որպէսզի անոնք մեր հասարակութիւններէն ներս գտնեն  հիւրընկալութիւն եւ սփոփանք­։

''Կ՛ապրինք քաղաքներու մէջ ուր կը կառուցուին աշտարակներ եւ առեւտուրի կեդրոններ ու կ՛իրականացուին կալուածական գործառնութիւններ, որոնք սակայն զանց կ՛ընեն արուարձաններու մէջ գտնուող մէկ մասը'' կ՛ըսէ Քահանայապետը լսատեսողական պատգամին մէջ աւելցնելով թէ  ''Այս կացութեան հետեւանքով բնակչութեան մեծ հատուածը կը մնայ բացառուած եւ մեկուսացուած. Առանց աշխատանքի, առանց հորիզոնի առանց ելքի։''

Սրբազան Քահանայապետը ապա կոչ կ՛ուղղէ. ''Մի անտեսէք զանոնք'' ու կը հրաւիրէ Իր հետ աղօթելու` ''բոլոր անոնց համար որոնք տառապանքի մէջ են, յատկապէս աղքատները, գաղթականներն ու մեկուսացուածները, որպէսզի մեր հասարակութիւններէն ներս գտնեն  հիւրընկալութիւն եւ սփոփանք''­։








All the contents on this site are copyrighted ©.