2017-02-01 08:58:00

Փետրուար 2-ին կը նշուի Տեառնընդառաջի տօնը. Քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուս Տաճար ընծայումը։


Տեառնընդառաջ բառացիօրէն կը նշանակէ Տիրոջ ընդ առաջ երթալ, Աստուծոյ առջեւ կենալ, Աստուծոյ մօտենալ, եւլն.: Արդարեւ, Տեառնընդառաջի տօնը Յիսուսի մանկութեան կեանքէն վերցուած դրուագ մըն է, այլ խօսքով Յիսուսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման եղելութիւնն է:

Հրէական օրէնքին համաձայն, երբ կին մը զաւակ աշխարհ կը բերէր, քառասուն օր ետք զայն կը տանէր տաճար ու Աստուծոյ կ’ընծայէր, այսինքն աղօթել կուտար անոր վրայ որպէսզի Աստուծոյ շնորհքներով մեծնայ երեխան: Այս առիթով հարուստներ իրենց հետ կը տանէին ընտիր ոչխարներ եւ դրամական նուէրներ իսկ աղքատ ընտանիքներ համեստ նուէրներով կ’երթային տաճար:

Ուստի այս սովորութեան համաձայն, Յիսուսի ծնողքը՝ Յովսէփ եւ Մարիամ երբ իրենց զաւակը քառասուն օրուայ կ’ըլլայ, իրենց հետ առնելով կ’երթան տաճար: Այդ օրերուն Երուսաղէմի մէջ կ’ապրէր Սիմէոն անունով ծերունի մը «արդար եւ երկիւղած մարդ մը», որ իր աղօթքներուն մէջ խնդրած էր Աստուծմէ, որ իր աչքերը չփակած տեսնէ Օծեալ Տէրը եւ մարդոց Փրկիչը:

Կեանքի բարիքներէն ու վայելքներէն յագեցած, Սիմէոն ծերունի իր օրերը կ’անցընէր աղօթելով եւ սպասելով Իսրայէլի մխիթարիչը տեսնելու ու խաղաղութեան մէջ իր աչքերը փակելու: Իր անձկագին սպասումը սպասումն էր նաեւ ամբողջ ժողովուրդի մը, որ Մեսիայի գալուստին մէջ կը տեսնէր իր փրկութիւնը: Սողոմոնի տաճարին մէջ լռած էր մարգարէներու ձայնը ու կեանքէն լիացած Սիմէոն ծերունին կը սպասէր երանելի այն վայրկեանին երբ Յովսէփ եւ Մարիամ կուգան տաճար: Սիմէոն ծերունին, երբ կը տեսնէ Յիսուսը, կը գզայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, գիրկը կ’առնէ զԱյն, կ’օրհնէ զԱստուած ու բարձրաձայն կ’աղաղակէ.- «Տէ՜ր, քու խօսքիդ համաձայն հիմա խաղաղութեամբ արձակէ ծառադ, որովհետեւ իմ աչքերս Քու փրկութիւնդ տեսան, զոր պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ՝ յայտնութեան լոյս ըլլալու համար հեթանոսներուն, փա՜ռք Քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլին»:

Դէպքը արդարեւ, մեզի ցոյց կուտայ Տիրոջ ընդ առաջ երթալը եւ Աստուծոյ յայտնութեան գաղափարը, որով եղելութիւնը մեզի համար կը դառնայ աւելի գրաւիչ եւ հաղորդական:

Ինչպէս այլ քրիստոնէական տօներու, այնպէս ալ Տեառնընդառաջի տօնին միախառնուած է հայոց հեթանոսական օրերէն մեզի հասած կրակի պաշտամունքի տօնը, նուիրուած աստուածուհի Միհրի, որուն համար կային պաշտամունքի յատուկ բագիններ: Այս իմաստով Տեառնընդառաջի տօնին տրուած է Տէրընտէր, Մէլէմէթ եւ այլ անուններ:

Տեառնընդառաջի տօնին կցուած են հնագոյն ժամանակներէ եկած շատ մը սովորութիւններ եւ հաւատալիքներ: Այսպէս օրինակ, նախատօնակի արարողութենէն ետք, ժողովուրդը մոմերով եկեղեցւոյ բակը կ’ելլէ ու կը վառէ խարոյկը, որ նախօրօք պատրաստուած կ’ըլլայ: Ժողովուրդի կողքին յատկապէս նորապսակներ կը հաւաքուին կրակին շուրջ: Բոցերու ճարճատումէն ետք, մեծ թէ փոքր, աղջիկ թէ տղայ կը սկսին ցատքել կրակին վրայէն, ուրախութեան բացագանչութիւններով:

Աւանդական այս տօնախմբութիւնը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ զանազան հաւատալիքներ, սպասումներ, ակնկալութիւններ: Կ’ըսուի, թէ երբ կրակը կը մարի, գիւղացիներ ափերով կրակի մոխիրէն իրենց հետ տուն կը տանին ու իրենց արտերուն մէջ կը ցանեն որպէսզի տարին բարեբեր ըլլայ եւ կամ այդ մոխիրով ցեխ կը պատրաստեն ու իրենց տան տանիքը կը ծեփեն որպէսզի չարը հեռանայ այդ տունէն: Աւանդութիւնը կ’ըսէ նաեւ, որ նորապսակ հարսերն ալ կը ցատքեն կրակին վրայէն որպէսզի ապագայ իրենց ծննդաբերութիւնը հեշտ ըլլայ իսկ ամուլ կիներ, այսինքն անոնք որոնք զաւակ չեն կրնար ունենալ, խարոյկի կրակով կ’այրեն իրենց փէշերը որպէսզի յղանան ու զաւակ ծնին: Ժողովուրդի ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը իր աւարտին կը հասնի, երբ կրակէն մէկական վառւած մոմերով մարդիկ տուն կը վերադառնան իրենց տան ճրագը կամ լապտերը վառելու, որպէսզի աստւածային լոյսը տիրող ներկայութիւն դառնայ ամբողջ տարուայ ընթացքին:

Այնուամենայնիւ, ինչ որ ալ ըլլան եղելութիւնները, Տեառնընդառաջի տօնը իր քրիստոնէական բնոյթով եւ հեթանոսական խորքով կը շարունակէ իր յատուկ տեղը ունենալ մեր ժողովուրդի ազգային, կրօնական եւ եկեղեցական կեանքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.